Տ. ԽԱԺԱԿ ԱՐՔԵՊՍԿ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ ՄԵՐ ՄԷՋ
Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան այս օրերուն կարճատեւ այցելութիւն մը կու տայ քաղաքս։ Նորին սրբազնութիւնը երէկ կէսօրուան ժամերուն հասաւ Իսթանպուլ։
Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանը հերթական անգամ կը հիւրընկալէ մեր մանուկները:
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. Պատարագով յիշատակուեցաւ կղզիի նահապետ, եկեղեցւոյ անդրանիկ հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Դիոնէսիոս Ա. Քահանայ Ճիզմէճեան։ Ս. Պատարագը մատոյց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։
Պատրիարքական Աթոռոյ Պատկառելի Կրօնական Ժողովը 5 յուլիս 2019, ուրբաթ, ժամը 10.00-ին, գումարուեցաւ նախագահութեամբ՝ Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Ս. Եպսկ. Մաշալեանի։
Այսօր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ազգային տօնն է։ ԱՄՆ-ի անկախութեան 243-րդ տարեդարձին առթիւ երէկ պաշտօնական ընդունելութիւն մը սարքուեցաւ քաղաքիս մէջ։
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ նախագահեց Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան։ Իրականութեան մէջ տարեկան անուան տօնախմբութիւնը տեղի պէտք է ունենար անցեալ շաբաթավերջին, սակայն ընտրութիւններուն բերումով անոնք յետաձգուեցան շաբաթ մը եւ տեղի ունեցան երէկ։
Հաճոյքով կը տեղեկանանք, որ մեր երիտասարդ կրթական մշակներէն Լեռնա Քարապուրուն-Տեմիրի աշակերտները ուսումնական կեանքէ ներս կ՚արձանագրեն փայլուն յաջողութիւններ։ Լեռնա Քարապուրուն-Տեմիր աւարտած է Իսթանպուլի համալսարանի Տարրաբանութեան բաժինը։
Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, որու խորագիրն է՝ Değabah Seçim Tarihi Üzerine Bir Açıklama։ Ստորեւ կը ներկայացնենք նորին սրբազնութեան յայտարարութեան թրքերէն բնագիրը
Միջմիութենական պասքեթպոլի աւանդական մրցաշարքը, որ տարիներէ ի վեր կը կազմակերպուի ի յիշատակ Ռուբէն Սէմէրճեանի, այս տարի եւս մեծ ոգեւորութեան առիթ հանդիսացաւ մեր մարզասէր շրջանակներէն ներս։ Մրցաշարքի ախոյեանը հանդիսացաւ Պէզճեան սանուց միութիւնը, որ աւարտական խաղին առաւելութեան հասաւ Լեւոն-Վարդուհեան սանուց միութեան խումբին առջեւ։
Սուրբ Խաչ դպրեվանքի 2018-2019 կրթական շրջանի ընթացաւարտներուն համար ներկայ շաբթուան սկիզբին տեղի ունեցաւ հրաժեշտի երեկոյթ մը, դպրոցի պարտէզին մէջ։ Ներկայ էին ատենապետ Թորոս Ալճանի կողմէ գլխաւորուած խնամակալութեան անդամները, սանուց միութեան ներկայացուցիչները, ուսուցչական կազմը, Դպրեվանքի ընտանիքէն պատասխանատուներ, շրջանաւարտներու ծնողներ եւ հիւրեր։