ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆԻ ՆՈՐ ՎԱՐՉԱՅԻՆՆԵՐԸ ԵՐԷԿ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի հոգատար մարմնի նոր կազմը՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Արի Չոլաքի։ Ողջունելով նորանշանակ վարչայինները՝ նորին սրբազնութիւնը ընդգծեց, որ Կազդուրման կայանը յատուկ առաքելութիւն մը ունի համայնքային կեանքէն ներս, ուստի, անոր գործունէութիւնը պէտք է շարունակուի կատարեալ մակարդակով։
Եշիլգիւղի վարժարանի տարեվերջի հանդէսը վերջերս տեղի ունեցաւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Պաքըրգիւղի «Լէյլա Կենճէր» մշակոյթի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ այս խանդավառ արարողութիւնը, որու ընթացքին դպրոցի աշակերտութիւնը գործադրեց բազմակողմանի յայտագիր մը։
Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի փոքրիկներու տարեվերջի հանդէսը։ Անոնք ծափահարութիւններու արժանացան իրենց գործադրած եռալեզու յայտագրով։
Սահակեան սանուց միութեան մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ թատերախումբի այս տարուան ներկայացումներու շարքի կալան։ Հանդիսաւոր երեկոյթին ներկայ գտնուեցան Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան, թաղային խորհուրդի ատենապետ Եսայի Տեմիր եւ իր գործակից ընկերները, թաղի հովանաւորները, Սամաթիոյ ընտանիքէն պատասխանատուներ եւ թատերասէր հիւրեր։
Պէզճեան Մայր վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ՝ հայ գիրերու գիւտին ձօնուած մշակութային ձեռնարկ մը։ Դպրոցի հանդիսասրահի երդիքին տակ կազմակերպուած երեկոյթին ներկայ գտնուեցան Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան, Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան, Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեան եւ իր ընկերները, տիրամայր Մարի Մութաֆեան, կրթական մշակներ, դպրոցի աշակերտութեան ծնողներ եւ հիւրեր։
Պաքըրգիւղի Տատեան սանուց միութեան վարչութեան նախաձեռնութեամբ այս տարի եւս կազմակերպուեցան պալէի դասընթացքներ։ Պարուսոյց Կարին Կիւրտէն Մարտիկեանի հսկողութեան ներքեւ յառաջ տարուեցան աշխատանքները։
Սամաթիոյ ընտանիքը շաբաթավերջին մեծ խանդավառութիւն ապրեցաւ Սահակեան-Նունեան վարժարանի շրջանաւարտից օրուան առթիւ։ Վարժարանի համալիրէն ներս համախմբուեցան զանազան սերունդներէ շրջանաւարտներ, որոնք ապրեցան զիրար վերագտնելու ուրախութիւնը։
Պոլսահայ տասն սանուց միութիւններու մասնակցութեամբ վերջերս տեղի ունեցաւ միջմիութենական ճատրակի մրցաշարք մը։ Սա տասներորդն էր իր նմաններու շարքին, թէեւ որոշ ժամանակէ մը ի վեր միջմիութենական ճատրակի մրցաշարքերը չէին կազմակերպուեր։
Շիշլի մարզակումբի 2018-2019 շրջանի ձմրան դասընթացքներու եզրափակիչ արարողութիւնը տեղի ունեցաւ շատ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի «Եդքին Պէրպէրօղլու» հանդիսասրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ եզրափակիչ արարողութիւնը, որուն մասնակցեցան ակումբի վարչայինները, մարզիչներ եւ դասընթացքներու մասնակից աշակերտներն ու իրենց ծնողները։
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ այցելեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց։ Այս առթիւ նախարարը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցաւ Հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի եւ իր գործակից ընկերներուն կողմէ։ Նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու այս առթիւ շրջայց մը կատարեց հիւանդանոցի համալիրէն ներս՝ մասնաւորապէս ծանօթանալով ծերանոցի բաժնին։