ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ՏԱՐԵԴԱՐՁ
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը երէկ մեծ խանդավառութեամբ նշեց թաղի Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբի կրկնակ տարեդարձները։ Դպրաց դասու հիմնադրութեան 110-րդ եւ երգչախումբի կազմութեան 87-րդ կրկնակ տարեդարձները համընկնեցան Բուն Բարեկենդանին հետ։
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ այս տարի Բարեկենդանը նշուեցաւ արտակարգ խանդավառութեամբ։ Ս. Վարդանանց տօնի օրուան զուգադիպեցան Բարեկենդանի խրախճանքները, որոնք նախատեսուած էին թէ՛ հիւանդանոցի մնայուն բնակիչներուն եւ թէ ԶԻՊԷՉ-ի տղոց համար։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Էսաեան վարժարանի աշակերտները վերջերս ճատրակի մէջ արձանագրած են փայլուն յաջողութիւններ։ 2018-2019 կրթական շրջանին Պէյօղլուի միջվարժարանային ճատրակի մրցաշարքի յաջող մասնակցութիւն բերած են էսաեանցիները։
Պաքըրգիւղի ընտանիքը մեծ խանդավառութիւն ապրեցաւ Տատեան վարժարանի երդիքին տակ կազմակերպուած Բարեկենդանի աւանդական խրախճանքով։ Դպրոցի «Եդքին Պէրպէրօղլու» մարզասրահի երդիքին տակ այս առթիւ ստեղծուեցաւ աննկարագրելի խանդավառութիւն։
Ս. Վարդանանց աւանդական փայլուն տօնակատարութիւններ Պաքըրգիւղի Ծն. Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ:
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ Բարեկենդանի առթիւ տեղի ունեցան խրախճանքներ։ Տղաքը նոյն ամբողջին մէջ տեղեկութիւններ քաղեցին Ս. Վարդանանց պատերազմի եւ նահատակներու մասին։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ Բարեկենդանի առթիւ տեղի ունեցաւ խրախճանք մը։ Դպրոցի բոլոր յարկերը յարդարուած էին այս խրախճանքին համար։
Սրբոց Ղեւոնդեանց քահանայից տօնին առթիւ երէկ հանդիսաւոր արարողութիւններ տեղի ունեցան Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ։ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախագահեց արարողութիւններուն, որոնց ներկայ գտնուեցան Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան եւ Պատրիարքական Աթոռի հոգեւոր հայրերը։
Ուսուցչաց հիմնարկի Կրթական յանձնախումբը ÖRAV-ի հետ համագործակցաբար կազմակերպեց պոլսահայ նախակրթարանի ուսուցիչներուն ուղղեալ «Ուսանող առաջնորդ ուսուցիչ» անուն երկօրեայ աշխատանք մը, որ տեղի ունեցաւ Տատեան վարժարանի մէջ, 16-17 փետրուար 2019, շաբաթ եւ կիրակի օրերը (անցեալ շաբաթավերջին), 09.00-17.00 ժամերուն միջեւ։ Աշխատանքի մասնակցեցան իւրաքանչիւր նախակրթարանէ նախապէս որոշուած երկուքական ուսուցիչներ: