BBC-Ի ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԺԱՄԱՆԱԿ-Ի ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ՝ 110-ԱՄԵԱԿԻ ԱՌԹԻՒ
ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի հիմնադրութեան 110-ամեայ յոբելեանը կը շարունակէ միջազգային յառաջատար լրատուամիջոցներու ուշադրութեան առարկայ դառնալ։ Այս ամբողջին մէջ, անցեալ շաբաթավերջին խմբագրատունս այցելեցին BBC-ի ներկայացուցիչները։
Սահակեան-Նունեան վարժարանի ծնողաց միութիւնը անցեալ շաբաթավերջին ճաշկերոյթ մը կազմակերպեց Պաքըրգիւղի մէջ։
Նախընթաց օր հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ ընդունելու լրագրող Իպրահիմ Քոյունպաքանը, որ ներկայիս Իսթանպուլի համալսարանի Հաղորդակցութեան ֆաքիւլթէէն ներս մագիստրոսական թեզի մը պաշտպանութեան աշխատանքը կը տանի։
Յայտնի երգիչ Հայկօ Չեփքին երէկ երեկոյեան ասուլիսի մը մասնակցեցաւ Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան մէջ։
Ֆուլիայի գեղարուեստի կեդրոնէն ներս երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ մեծարանքի փայլուն ձեռնարկ մը՝ Տիգրան Կիւլմէզկիլի եւ Էրօլ Սեհերեըլտըզըի հովանաւորութեամբ:
Թաքսիմի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ երէկուան արարողութիւնները համախմբեցին հոծ թիւով հաւատացեալներ, որոնք ապրեցան Կրկնազատկի հրճուանքը:
Պատրիարքարանի Խորհրդակցական մարմինը երէկ իր երկրորդ ժողովը գումարեց Գումգաբուի մէջ։
Երէկ երեկոյեան Ֆէրիգիւղի սանուց միութեան մէջ տեղի ունեցաւ թատրոնի ոգեւոր կալա մը։ Միութեան թատերախումբը կը ներկայացնէ «Mutlu Noeller» անուն խաղը, որ մէկ արարէ բաղկացեալ զաւեշտ մըն է։
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ Ս. Զատկի առթիւ կազմակերպուեցաւ մնայուն բնակիչներու աւանդական սեղանը։ Ընդհանուր քարտուղարուհի Սիլվա Թրիքայի ջանքերով կազմակերպուած այս հաւաքոյթին ընթացքին Հոգաբարձութեան փոխ-ատենապետ Հերման Պալեան հանդէս եկաւ ելոյթով մը՝ ջերմօրէն շնորհաւորելով մնայուն բնակիչներուն եւ հիւանդանոցի ամբողջ անձնակազմի տաղաւարը։