ՑԱՒԱԼԻ ԿՈՐՈՒՍՏ
Մեր հաւատացեալ ժողովուրդը կը սգայ մեր եկեղեցականաց դասու երիցագոյն անդամներէն Տ. Միւռոն Ա. Քհնյ. Այվազեանի վախճանումը։ Իր հոգեւոր եղբայրներն ալ մեծ ցաւ կ՚ապրին այս կորուստին հետեւանքով։
Մեր հաւատացեալ ժողովուրդը կը սգայ մեր եկեղեցականաց դասու երիցագոյն անդամներէն Տ. Միւռոն Ա. Քհնյ. Այվազեանի վախճանումը։ Իր հոգեւոր եղբայրներն ալ մեծ ցաւ կ՚ապրին այս կորուստին հետեւանքով։
Սամաթիոյ պատուակալ նախագահ Մելքոն Քարաքէօսէ երէկուան հաւաքոյթէն վերջ ըսաւ. «Մեր Պատրիարքական Աթոռը 557 տարուան հաստատութիւն մըն է։ Այս ընթացքին ունեցած է 84 գահակալ։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ Բարեկենդանի խրախճանք մը, որու առթիւ ստեղծուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն։
Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ տիկնանց կազմին նախաձեռնութեամբ երէկ Եշիլգիւղի «Լը Շաթօ-էր» ճաշարանին մէջ սարքուեցաւ սեղան մը։
Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան անցեալ շաբթուան կէսին մայրաքաղաք Անգարայի մէջ ընդունուեցաւ Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլուի կողմէ: Ըստ լսումներու, Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պեքճեանն ալ հրաւիրուեցաւ նահանգապետարան, սակայն Գումգաբուի աղբիւրները լռութիւն կը պահեն այս մասին: Երէկ երեկոյեան ժամերուն Իսթանպուլի կուսակալութենէն կարեւոր նամակ մը հասաւ Պատրիարքարան: Պատկան իշխանութիւններու մօտեցումով՝ պատրիարքական տեղապահի ընտրութեան վերաբերեալ բոլոր գործողութիւնները իրաւականօրէն կը համարուին բացարձակապէս անվաւեր, ընդհանուր փոխանորդին առընչութեամբ առնուած որոշումներով հանդերձ: Առկայ պայմաններով գործնականօրէն լրջօրէն վտանգուած է ընտրութեան հեռանկարը:
Պետութենէն վերջնագիր: Անհեռատեսութեան ծանր հետեւանք:
Վաղը կէսօրուան ժամերուն մեր համայնքէն շուրջ քսան հոգիէ բաղկացեալ ազգայիններու խումբ մը բարձր մակարդակի վրայ խորհրդակցութեան մը նպատակով հրաւիրուած է նահանգապետարան:
Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան այս առաւօտ այցելեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի հետ։
Վաքըֆլըգիւղի Հայրենակցական միութեան նախաձեռնութեամբ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Բարեկենդանի խրախճանք մը։
Սամաթիոյ ընտանիքը այս տարի սովորականէն քիչ մը աւելի կանուխ ապրեցաւ Բարեկենդանի ոգեւորութիւնը։ Անցեալ շաբաթավերջին, թաղի Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբի մանկապատանեկան կազմին համար նախատեսուած էր Բարեկենդանի վաղ խրախճանք մը։
Թուրքիոյ Ճատրակի դաշնակցութեան նախաձեռնութեամբ, վերջերս Անթալիայի մէջ կազմակերպուեցաւ ճատրակի մրցաշարք մը։ Փոքրերու եւ աստղերու տարիքային համեմատութիւններուն համաձայն կազմակերպուած էր այս մրցաշարքը, որու արդիւնքին փայլուն յաջողութիւն մը արձանագրեց մեր համայնքէն Տիգրան Էօզպիւլպիւլ։
Երէկ, Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Թրքահայ ուսուցչաց միութեան նորընտիր վարչութեան կազմը՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Կարապետ Մխալեանի։