«ԵՍ ՇԱՏ ԼԱՒԱՏԵՍ ԵՄ»
Գերմանիայէ վերադարձին տեղապահ սրբազանը ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին յայտարարութիւններ ըրաւ՝ ընտրութեան գործընթացի վերջին իրադարձութիւններու լոյսին տակ:
Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան. «Ի պահանջել հարկին՝ յառաջիկայ շաբաթներուն ժամադրութիւն մը խնդրելու համար կրնամ դիմել կուսակալութիւն։ Նախաձեռնարկ մարմնի հրաժարեալ անդամները պէտք է սպասէին իմ Պոլիս ժամանելուս։ Անհրաժեշտ արժեւորումներու հիման վրայ այս մասին յայտարարութիւն մը պիտի ընենք մօտակայ օրերուն»:
Նորին սրբազնութեան խօսքերով՝ այս պահու դրութեամբ կան նուազագոյն երաշխիքները, ուշ կամ կանուխ, պատրիարքական ընտրութեան ձեռնարկելու համար եւ ինք տակաւին կը սպասէ:
Պատրիարքարանի մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցած սրբազաններու ժողովին առընչութեամբ շօշափեցինք կարծիքը Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի։ Հեռախօսազրոյցի ընթացքին նորին սրբազնութիւնը մեզի յայտնեց հետեւեալը.
Շաբաթավերջին Պաքըրգիւղի մէջ տեղի պիտի ունենայ տարեկան աւանդական սիրոյ սեղան՝ ի նպաստ Տատեան վարժարանի։
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանին մէջ սկսան հոգեւոր դասեր։
Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ կարեւոր խորհրդակցութիւն մը ունեցան Գումգաբուի մէջ:
ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը իր հիմնադրութեան 110-ամեակի յոբելենական շրջանին հերթական անգամ գիրք մը կը նուիրէ իր ընթերցողներուն։
Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը կը շարունակէ մեր համայնքի երիտասարդները խրախուսել՝ Փալագաշեան կտակի միջոցներով։ Երէկ, թաղային խորհուրդը բաժնեց այս տարուան կրթաթոշակները։
Արամեան սանուց միութեան երդիքին տակ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ «Գատըգիւղի յուշամատեան»ին ծանօթացման հաւաքոյթը:
Թաղի երէցին՝ Տ. Գրիգոր Աւագ Քահանայ Տամատեանի ծաւալուն ուսումնասիրութեան արդիւնքը ներկայացուեցաւ բազմակողմանիօրէն: Թաղային խորհուրդի ատենապետ Արման Պիւքիւճեան կանգ առաւ հոգեւոր հովիւի մտաւորական կարողութիւններուն վրա: Ուսուցչուհի Նաժտա Տեմիրճիօղլու անդրադարձաւ հատորներու բովանդակութեան: ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան զրուցեց հեղինակին հետ: Ս. Թագաւոր երգչախումբը հանդէս եկաւ կատարումներով:
Գատըգիւղի ընտանիքը այս տարի եւս պատշաճ մթնոլորտի մէջ նշեց Ս. Թարգմանչաց տօնն ու Հայ մշակոյթի շաբաթը։