«ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ ՆԵՐՍ ՈԳԵՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ԸՆԹԵՐՑՄԱՆ ՏՕՆ
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ առաջին դասարաններու ընթերցման տօնը։ Դասարանի ուսուցչուհի Ժաննա Մելքոնեանի վերահսկողութեան ներքեւ պատրաստուած էր օրուան յայտագիրը։
Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան եւ Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան այս առաւօտ հասան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին:
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ նախագահեց Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ արարողութիւններուն։ Հոգեգալստեան տօնին առթիւ պատարագեց տեղւոյն հոգեւոր հովիւը՝ Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան։ Նորին Սրբազնութիւնը տուաւ օրուան պատգամը։
Սկիւտարի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ թաղի այժմու ու երբեմնի վարժարաններու շրջանաւարտից տարեկան աւանդական հաւաքը։ Գալֆաեան Տան ննջարանի բաժնի համալիրէն ներս կազմակերպուած էր այս հաւաքոյթը՝ դաշտահանդէսի մը ձեւաչափով։
Պաքըրգիւղի Տատեան սանուց միութեան մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ խանդավառ ցուցահանդէս մը։ Երկար տարիներէ ի վեր Տատեան սանուց միութենէն ներս նկարչական դասընթացքներ կը կազմակերպուին, Մաքրուհի Քէչիեոլուի վերահսկողութեան ներքեւ։
Տեղապահ Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պեքճեանի նախագահութեամբ երէկ Պատրիարքարանի մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդակցութիւն մը, որ տեւեց շուրջ երեք ժամ:
Գարակէօզեան Տան համալիրէն ներս երէկ տեղի ունեցաւ մանկարանի փոքրիկներու տարեվերջի հանդէսը։ Օրուան սկիզբին մանկարանի առաջին երկու դասարաններու տղոց հանդէսը տեղի ունեցաւ, իսկ երեկոյեան՝ մանկապարտէզի վերջին դասարանի սաները ստացան իրենց վկայականները։