ՊՐԻՒՔՍԵԼԻ ՄԷՋ ԵՐԷԿ ՔՆՆԱՐԿՈՒԵՑԱՆ ԻՐԱՆԻ ՄԻՋՈՒԿԱՅԻՆ ԾՐԱԳՐԻ ՄԱՍԻՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԵԱՆ ՇՈՒՐՋ ԾԱԳԱԾ ՀԱՐՑԵՐԸ

Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆ երէկ այցելեց Պրիւքսել, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Եւրոմիութեան արտաքին ու անվտանգութեան քաղաքականութեան գծով գերագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինիի, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ լը Տրիանի, Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Հէյքօ Մաասի եւ Անգլիոյ Արտաքին գործոց նախարար Պորիս Ճանսընի հետ։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ ստորագրեց հրամանագիր մը, որով նախագահի խորհրդական նշանակուեցաւ Շահէն Աւագեան։
Հանրապետութեան նախագահը Լոնտոնի մէջ կ՚ունենայ բազմակողմանի շփումներ՝ հիւրընկալուելով ամենաբարձր մակարդակի վրայ:
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այսօր կ՚այցելէ Անգարա։ Նորին սրբազնութեան կ՚ուղեկցի Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան։ Ան այս առաւօտ օդային ճամբով մեկնեցաւ մայրաքաղաք։
Հայաստանի կառավարութեան ծրագիրը չի նախատեսեր արտաքին քաղաքական ուղենիշի փոփոխութիւն:
Համահայկական նուագախումբը փառաշուք համերգով մը հանդէս եկաւ Երեւանի մէջ:
Վրաստանի մէջ նախկին վարչապետ Պիծինա Իվանիշվիլի կը վերադառնայ քաղաքական ասպարէզ։ Վերջին օրերուն ան վերընտրուեցաւ կուսակցապետ՝ իր կողմէ հիմնադրուած «Վրացական երազանք» կուսակցութեան համար, որ կը գտնուի իշխանութեան գլուխը։
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Հայաստան հրաւիրեց պոլսահայ աշխարհահռչակ տնտեսագէտը: