ԱՄՆ ՈՐՈՇԵՑ ԴՈՒՐՍ ԳԱԼ ԻՐԱՆԻ ՄԻՋՈՒԿԱՅԻՆ ԾՐԱԳՐԻ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԵՆԷՆ
Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնը կը շարունակէ արկածախնդրական քայլերու դիմել միջազգային բեմահարթակի վրայ։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ տեղեկացուց, որ իր երկիրը դուրս կու գայ Իրանի միջուկային ծրագրի վերաբերեալ միջազգային համաձայնութենէն։
Հիմնադրի ներկայացուցիչ Պերճ Մենզիլճիօղլու մանրամասն բացատրութիւններ տուաւ խաւիծի օրուան մասնակից շրջանաւարտներուն:
Հայաստանի Ազգային ժողովը այսօր դարձեալ արտահերթ նիստ մը կը գումարէ՝ յեղափոխութեան յաջորդած մթնոլորտին մէջ ընտրելու համար երկրի վարչապետը։ Շաբաթ մը առաջ խորհրդարանէ ներս մեծամասնութեան տէր Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը հաւանութիւն չէր տուած յեղափոխութեան առաջնորդ Նիկոլ Փաշինեանի վարչապետ ընտրուելուն։
Զափիոն վարժարանէն ներս բացուեցաւ՝ փոքրամասնութիւններու տեսակէտէ կարեւոր ցուցահանդէս մը:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան մայրաքաղաք Անգարայի մէջ երէկ ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալեց Սերպիոյ նախագահ Ալեքսանտր Վուչիչը, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Թուրքիա։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս Էրտողան զինուորական արարողութիւնով դիմաւորեց իր պաշտօնակիցը, որու հետ ունեցաւ առանձնազրոյց մը։
«Մխիթարը եւ մխիթարեանները. Քրիստոնէական լուսաւորութեան դպրանոցը» միջազգային հաւաքոյթ:
Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան մանրամասն տեղեկութիւններ քաղեց Սարվէն Սերթշիմշէքի կողմէ: