ՀԵՐԹԻ ՓՈԽԱՆՑՈՒՄ
Նիւ Եորքի Սուրբ Վարդան առաջնորդանիստ մայր տաճարի երդիքին տակ հանդիսաւոր արարողութիւն:
Արեւելեան թեմի նորընտիր առաջնորդ Տ. Դանիէլ Վրդ. Ֆընտըքեան ստացաւ իր ասան՝ ձեռամբ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի: Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան յանձնեց Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեան գիրը:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ գլխաւոր ընդդիմադիր ՃՀՓ-ի կողմէ նախագահի թեկնածու առաջադրուած Մուհարրէմ Ինճէի հետ։
Ամերիկահայ յայտնի քաղաքական գործիչ Ճորճ Տէօքմէճեան կնքեց իր մահկանացուն։ Անցեալի մէջ Տէօքմէճեան եղած էր հայաշատ Գալիֆորնիոյ նահանգապետը եւ այդ պաշտօնավարութեան տարիներուն մարմնաւորած կերպարով դարձած էր անմոռանալի՝ ամերիկեան քաղաքական կեանքէ ներս։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի քայլերը քաոսի կը տանին ամբողջ աշխարհը։ Իրանի միջուկային ծրագրին վերաբերեալ համաձայնութենէն Ուաշինկթընի դուրս գալը պատճառ դարձած է խոր մտահոգութեան։
«Վաթան» կուսակցութեան ղեկավար Տողու Փերինչէք դարձաւ հանրապետութեան նախագահի թեկնածու։ Ան յաղթահարեց նուազագոյն 100 հազար ստորագրութիւններու պատնէշը։
Ամերիկահայ գործարար, միլիառատէր, բարերար, «Թրասինտա Քորփորէյշըն»ի գործադիր տնօրէն, Հայաստանի ազգային հերոս Քըրք Քըրքորեանի մասին պատմող «Խաղացողը» գիրքը կը թարգմանուի հայերէնի:
Հայաստանի Ազգային ժողովին կատարած ընտրութեան հիման վրայ՝ Հանրապետութեան նախագահը ստորագրեց հրամանագիրը Նիկոլ Փաշինեան գործի ձեռնարկելու զուգահեռ երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Միջազգային ընտանիքի ներկայացուցիչներէն կը հասնին բազում շնորհաւորականներ։