ԱՐՑԱԽԻ ՃԱԿԱՏԻՆ ՎՐԱՅ ՆՈՐ ՆԱՀԱՏԱԿ
Արցախի ճակատին վրայ երէկ նահատակուեցաւ հայ զինուոր մը՝ Ատրպէյճանի զօրքերուն կողմէ բացուած կրակին հետեւանքով։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Արցախի Պաշտպանութեան բանակի հիւսիսային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մէջ կէսօրուան ժամերուն Ատրպէյճանի կողմէ արձակուած կրակոցին թիրախը դարձաւ Արմէն Յարութիւնեան (1996թ.)։
«Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքին նախաձեռնութեամբ ծրագիր մը:
Երեւանի մէջ երէկ յանձնուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի 2016 թուականի մրցանակները։ Նախագահական ապարանքէն ներս այս առթիւ տեղի ունեցաւ պարգեւաբաշխման հանդիսաւոր արարողութիւն մը։
Վառ դրուագներ, որոնք զուգորդուած են արձակագիր Լեւոն Խեչոյեանի տողերով:
Փարիզի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի սաներուն հաւաքը։ Իսի-Լէ-Մուլինօ հայաբնակ արուարձանին մէջ համախմբուեցան հաստատութեան զանազան սերունդներէ սաները։
Համբարձման տօնն ու Ս. Փ. Ազգային հիւանդանոցի հիմնադրութեան աւանդական փայլուն տարեդարձը:
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան հրաւէր-նամակ մը ուղարկեց Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանին՝ տեղեկացնելով, որ պատրաստ է Պատրիարքական Աթոռին ղեկը յանձնել իրեն:
Ընդհանուր փոխանորդը Գումգաբուի մէջ խորհրդակցեցաւ խումբ մը յառաջատար ազգայիններու հետ:
Սայաթ Նովայի յիշատակը յաւերժացնող «Վարդատօն-2017»ը տեղի պիտի ունենայ Մայիսի 28-ին Թիֆլիզի մէջ։ «Վիրահայերու միութիւն»ը՝ Թիֆլիզի քաղաքապետարանին, Հայաստանի եւ Վրաստանի մշակոյթի նախարարութիւններուն, Թիֆլիզի Պետրոս Ադամեանի անուան պետական տրամաթիքական թատրոնի եւ Վրաստանի մօտ Հայաստանի դեսպանութեան աջակցութեամբ կը կազմակերպէ աշուղ Սայաթ Նովային նուիրուած աւանդական «Վարդատօն»ը:
Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Թորոս Ալճանի նախաձեռնութիւնը պսակուեցաւ փայլուն յաջողութեամբ: