ԿԻՊՐՈՍԻ ՀԱՄԱՐ ՈՐՈՆՈՒՄՆԵՐ
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու այցելութիւն մը տուաւ Հիւսիսային Կիպրոսի Թուրք Հանրապետութիւն։ Երէկ երեկոյեան, Լեւքոշայի մէջ ան տեսակցեցաւ Հիւսիսային Կիպրոսի Թուրք Հանրապետութեան նախագահ Մուսթաֆա Աքընճըի, կառավարութեան եւ քաղաքական կուսակցութիւններու ղեկավարներուն հետ։ Իր ծաւալած քննարկումները յաջորդեցին Զուիցերիոյ մէջ Կիպրոսի հիմնախնդրի կարգաւորման ուղղեալ վերջին բանակցութիւններու ձախողման։
Հայկական ֆութպոլի արդի մեծ աստղը՝ Հենրիխ Մխիթարեան հարցազրոյց մը տուաւ Marca միջազգային յայտնի պարբերականին։ «Մենչըսթըր Եունայթըտ»ի կիսապաշտպանը այս առթիւ ըսաւ. «Մեծ պատիւ է գիտակցիլ, որ ամբողջ հայ ազգը ինծի հետ է»։
Գոնկրեսական Պրէտ Շըրմըն, Շըրմըն Օքսի իր գրասենեակին մէջ կայացած հանդիպման ընթացքին, գնահատագիր յանձնած է Տքթ. Վերժին Մատէլեանին, գնահատելու համար անոր համայնքային կամաւոր սպասարկութիւններն ու բարեգործական ջանքերը:
Թայլանտի Նախոմ-Պատոմ քաղաքին մէջ, Յուլիսի 6-15 թուականներուն միջեւ կայացած 2016-2017 ուսումնական տարուան «տարրաբանութիւն» նիւթի դպրոցականներու միջազգային մրցոյթին Հայաստանի խումբը մասնակցած է յաջողութեամբ՝ շահելով երկու պրոնզէ մետայլ եւ մէկ գովասանագիր:
Այսօր աշխարհի մէջ շուրջ 760 միլիոն մարդ կ՚ապրի աղքատութեան մէջ՝ ունենալով օրական 1.9 տոլարի եկամուտ: Այդ մասին ըսուած է ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի նոր զեկոյցին մէջ:
Միջնորդներու ջանքերով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները հաւանական է, որ նոր տեսակցութիւն մը ունենան յառաջիկայ աշնան:
Ֆրանսայի մեծագոյն քաղաքներէն Լիոնի քաղաքապետ ընտրուեցաւ հայազգի 68-ամեայ Ժորժ Քեփենեքեան։ Այս որոշումը առնուեցաւ Լիոնի քաղաքապետարանի քաղաքային խորհուրդին կողմէ։
Հայաստանի Կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան երէկ ընդունեց սփիւռքահայ մշակներ: