ՔՎԻՐԻՔԱՇՎԻԼԻ ՍՊԻՏԱԿ ՏԱՆ ՄԷՋ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ԹՐԱՄՓԻ ՀԵՏ
Վրաստանի Վարչապետ Կէորկի Քվիրիքաշվիլի, որ պաշտօնական այցելութեամբ կը գտնուի Ուաշինկթըն, Սպիտակ տան մէջ տեսակցեցաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ։ Ներկայ էր նաեւ ԱՄՆ-ի Փոխ-նախագահ Մայք Փենս, որու հետ առանձին ալ հանդիպած է Քվիրիքաշվիլի։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, վրացի վարչապետի շփումներուն ընթացքին քննարկուեցան պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան ոլորտներուն վերաբերեալ հարցեր։
Գիտական եւ ճարտարարուեստի բնագաւառներուն մէջ օգտակար հանդիսանալ Հայաստանի համար:
Նախագահ Սերժ Սարգսեանի մասնակցութեամբ կը նշուի Շուշիի ազատագրման 25-ամեայ յոբելեանը:
Վրաստանի Վարչապետ Կէորկի Քվիրիքաշվիլի երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մեկնեցաւ Ուաշինկթըն, ու Սպիտակ տան մէջ կը հիւրընկալուի Միացեալ Նահանգներու Փոխ-նախագահ Մայք Փենսի կողմէ։ Ան հանդիպում մըն ալ կ՚ունենայ ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսընի հետ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթը երէկ երեկոյեան հանդէս եկաւ անմոռանալի ելոյթով մը։ Միութեան հիմնադրութեան 70-ամեայ յոբելեանին ձօնուած ձեռնարկ մըն էր այս մէկը, որուն կը սպասուէր երկար ժամանակէ ի վեր։
Երէկ, Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցաւ նախագահական ընտրութիւններուն երկրորդ փուլը։ Մարին Լը Փենի եւ Էմմանիւէլ Մաքրոնի ընտրապայքարին արդիւնքը վճռեցին ֆրանսացի ընտրողները, որոնց շուրջ 74 տոկոսը մասնակցեցաւ քուէարկութեան։
Թէքէեան մշակութային միութեան Լոս Անճելըսի եւ Կլենտէյլ-Փասատինայի շրջանային մասնաճիւղերուն համատեղ նախաձեռնութեամբ ձեռնարկ մը:
Սփիւռքահայ արդիւնաբերողներու արտադրանքները երէկ ներկայացուեցան ցուցահանդէս-վաճառքով: