ՄՂՁԱՒԱՆՋԱՅԻՆ ԴԷՊՔ
Լոնտոնի մէջ երէկ պատահած ահաբեկչական յարձակումը խոր ցնցում պատճառեց համայն աշխարհին:
Անգլիոյ խորհրդարանի շէնքին մօտ տեղի ունեցաւ աննկարագրելի արարք մը, որուն զոհ գնաց հինգ հոգի:
Լոնտոնի մէջ երէկ պատահած ահաբեկչական յարձակումը խոր ցնցում պատճառեց համայն աշխարհին:
Անգլիոյ խորհրդարանի շէնքին մօտ տեղի ունեցաւ աննկարագրելի արարք մը, որուն զոհ գնաց հինգ հոգի:
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան Ապու Տապիի մէջ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Փոխ-նախագահ ու վարչապետ, պաշտպանութեան նախարար, Տուպայիի կառավարիչ Շէյխ Մուհամմէտ Պին Ռաշիտ Էլ Մաքտումի հետ։ Այս առթիւ Սերժ Սարգսեան մատնանշեց, որ խոստմնալից հունով կ՚ընթանան կողմերու միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու հիման վրայ իրականացուող ձեռնարկները։
Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը երէկ տեղեկացուց, թէ ձերբակալուած է Սամուէլ Պապայեան, որ Լեռնային Ղարաբաղի նախկին պաշտպանութեան նախարարներէն մին է ու արժանացած՝ Արցախի հերոսի կոչման։ Ան ձերբակալուած է մաքսանենգ ճանապարհով, Վրաստանի վրայով Հայաստան «Իկլա» տեսակի զենիթա-հրթիռային համալիր փոխադրելու հարցին շուրջ յարուցուած քրէական գործի ծիրէն ներս։
Յունաստանի Տիմեթոքա քաղաքէն ներս երէկ հրդեհ մը ծագեցաւ Եւրոպայի հնագոյն մզկիթներէն մէկուն մէջ։ Այսպէս, 1420 թուականին կառուցուած օսմանական «Պայազիտ» մզկիթէն ներս ծագեցաւ այս հրդեհը։ Յիսունչորս հրշէջներ գործի լծուեցան՝ քսաներեք մասնաւոր ինքնաշարժերով մարելու համար այս հրդեհը։
Լոս Անճելըսի «Ասպարէզ» օրաթերթին մէջ կը կարդանք.-
Միացեալ Նահանգներու Ազգային ազգագրական կազմակերպութիւններու համախմբումը հրապարակած է 2017-ի «Էլիս Այլընտ» պատուոյ շքանշանին արժանացողներուն անունները, որոնց մէջ կան եօթ հայեր:
Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը երէկ նախաստորագրուեցաւ:
Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան համագործակցութեան մէջ նոր էջ մը կը բացուի ներկայ փաստաթուղթով:
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Ապու Տապի, ուր երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Փոխ-վարչապետ ու նախագահական հարցերով նախարար Շէյխ Մանսուր Պին Զաիտ Էլ Նահեանի հետ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն ամսավերջին պիտի այցելէ Թուրքիա։ Կը նախատեսուի, որ պետական քարտուղարի այցը տեղի ունենայ Մարտի 30-ին։
Երեւանի մէջ այս շրջանին յառաջ կը տարուի «Հայաստանաբնակ կարիքաւոր սուրիահայերու բժշկական աջակցութիւն» խորագրեալ ծրագիր մը, որ ունի կարեւոր նշանակութիւն։ Իզմիրլեան բժշկական կեդրոնէն ներս վերջերս տեղի ունեցաւ այս ծրագրի մեկնարկին եւ համապատասխան համագործակցութեան յուշագրի ստորագրման արարողութիւնը։