Լրահոս

ԱՌԱՋԻՆ ԶԱՆԳԸ

2021-2022 կրթական շրջանը սկսաւ մէկ կողմէ նոր յոյսերով, իսկ միւս կողմէ նոր մտահոգութիւններով:
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը վերամուտի առթիւ հրապարակեց բարեմաղթութիւններով հիւսուած պատգամ մը:

ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԹԵՄԻՆ ԿՈՂՄԷ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՉՈՐՐՈՐԴ ՓԱՌԱՏՕՆԸ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմէն ներս երէկ ոգեւոր օր մը ապրուեցաւ։ Այսպէս, Փարիզի մէջ բացուեցաւ հայկական 4-րդ փառատօնը, որ կազմակերպուած է թեմին կողմէ։

ԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷ ԱՆԴԻՆ…

Որքան դիպուկ բանաձեւած է ֆրանսացի գրողներէն մին. մեծերը տղաքը դպրոց կ՚ուղարկեն, որպէսզի անոնք կրթուին, իսկ տղաքը դպրոց կ՚երթան ապրելու համար… Իսկ այդ ո՞ր կեանքի մասին է խօսքը՝ առանց մտահոգութեան ու նեղութեան։

ԱՐՄԷՆ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ. «ԵՐԵՒԱՆ ԿԸ ՍՊԱՍԷ ՊԱՔՈՒԻ ԴՐԱԿԱՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳԻՆ»

Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի հետ սահմանազատման ու սահմանագծման աշխատանքներուն կապակցութեամբ Երեւան կը սպասէ Պաքուի դրական արձագանգին։

ՄՈՍԿՈՒԱ ՊԱՏՐԱՍՏ Է ԱՋԱԿՑԵԼՈՒ ԱՆԳԱՐԱ-ԵՐԵՒԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՄԱՆ

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց, որ իր երկիրը պատրաստ է նպաստելու Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման։ «Արմէնփրէս» գործակալութեան հաղորդումներով, ռուս դիւանագէտը երէկ տեղեկացուց, որ Մոսկուա արձանագրած եւ ի գիտութիւն ընդունած է Երեւանի եւ Անգարայի միջեւ վերջերս փոխանակուած դրական պատգամները։

ԳՈՐԻՍԻ ՄԷՋ ՎԵՐԱՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան խրախուսած ծրագիրները հետամուտ են Հայաստանի զարգացման ուղղեալ ջանքերուն ներառել նաեւ սփիւռքը:
«Սթորիթելինկը լրագրութեան մէջ. անհերքելի փաստերէ մինչեւ բարդ բովանդակութիւններ» խորագրեալ դասընթացը՝ միջազգային հեղինակաւոր մասնագէտներու մասնակցութեամբ:

ՎԱՏԻԿԱՆԻ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑՉՈՒԹԵԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿԸ ՊԱՇՏՕՆԱՊԷՍ ՍԿՍԱՒ ԳՈՐԾԵԼ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

1 սեպտեմբեր 2021 թուականի դրութեամբ Երեւանի մէջ պաշտօնապէս սկսաւ գործել Վատիկանի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնը։ Խօսքը կը վերաբերի պապական նուիրակութեան կամ դեսպանութեան գրասենեակին։

«ԻՏԱ» ՓՈԹՈՐԻԿԸ ԶՈՀԵՐ ԿԸ ԽԼԷ ԱՄՆ-Ի ՏԱՐԱԾՔԻՆ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Լուիզիանա նահանգը հարուածած «Իտա» փոթորիկի հետեւանքով երկրի հիւսիս-արեւելքին աւելի քան յիսուն հոգի զոհուած է։
Փոթորիկը տեղատարափ անձրեւներ յառաջացուցած է սեպտեմբերի 1-ի երեկոյեան եւ սեպտեմբերի 2-ի առաւօտեան՝ Մերիլենտէն մինչեւ Նիւ Եորք։

Էջեր