ԲԱԶՄԱՌԱՆՑՔ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄ
Շաբաթավերջին Լեռնային Ղարաբաղի ռազմական գործողութիւնները քննարկման նիւթ դարձան Էրտողան-Փութին եւ Փութին-Մաքրոն հեռախօսազրոյցներու ընթացքին:
Ռուսաստան կ՚ողջունէ Թուրքիոյ առաջարկը, որով կը նախատեսուի հակամարտութեան կարգաւորման համար ստեղծել նոր ձեւաչափով մը, աշխատանքային խումբ մը՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակէն դուրս:
Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմի մթնոլորտին մէջ Անգարա-Պաքու առանցքին վրայ զօրակցութիւնն ու անմիջական շփումները կը շարունակուին։ Այս մթնոլորտին մէջ, Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար շաբաթավերջին հերթական այցելութիւն մը տուին Պաքու, ուր հիւրընկալուեցան Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։
Լեռնային Ղարաբաղի թէժ պատերազմի մթնոլորտին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) համար նշանակուեցաւ նոր տնօրէն մը։ Այսպէս, նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրամանագրով այդ պաշտօնին կոչուեցաւ Արմէն Աբազեան։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցած նախագահական ընտրութիւններէն վերջ ստեղծուած պղտորութիւնը շաբաթավերջին զգալիօրէն յաղթահարուեցաւ։ Քուէհամարը յառաջանալով այնպիսի պատկեր մը պարզեց, որ Դեմոկրատ կուսակցութեան կողմէ առաջադրուած նախկին ծերակուտական ու փոխ-նախագահ Ճօ Պայտըն ընտրուած է ԱՄՆ-ի նախագահ։
Փելէ նշեց իր 80-րդ տարեդարձը:
Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմի հերթական ողբերգական դրսեւորումը. Ստեփանակերտի ռմբակոծման հետեւանքով փուլ եկած բնակարաններէն մէկուն մէջ մահացան մեծ մայր մը եւ երկու թոռները: Երէկուայ օրն ալ եղաւ ծանր՝ մինչ սաստիկ բախումներ տեղի ունեցան Շուշիի մերձակայքին:
Հանրապետութեան փոխ-նախագահ Ֆուաթ Օքթայ յայտարարեց, որ Թուրքիա ամբողջ սրտով կ՚աջակցի Ատրպէյճանին, որ պայքար կը մղէ բռնագրաւիչ Հայաստանէն ետ վերցնելու համար իր տարածքները։ «Պիտի շարունակենք մեր ամբողջ պաշտպանական կարելիութիւնները բաժնել Ատրպէյճանի հետ՝ երբ որ ան կարիքը զգայ», ըսաւ Ֆուաթ Օքթայ։
Մոսկուայի ղեկավարութիւնը կը շարունակէ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին վերաբերեալ անմիջական ուշադրութիւն ցուցաբերել։ Երէկ, նախագահ Վլատիմիր Փութինի գլխաւորութեամբ, Ռուսաստանի Անվտանգութեան խորհուրդը գումարեց ժողով մը, որու ընթացքին քննարկման նիւթ դարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը։
Արցախի եւ Հայաստանի տարածքէն ներս պատերազմի այս շրջանին Ատրպէյճանի կողմէ հրկիզուած է աւելի քան 2 հազար հեքթար անտառածածկ տարածք։ Բնապահպանական եւ կենսաբազմազանութեան ոչնչացման լուրջ սպառնալիք մըն է այս մէկը։
Ռուսաստան եւ Իրան հետզհետէ ընդգծեալ ձեւով անհանգստութիւն կը յայտնեն Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս ահաբեկիչներու գոյութեան բերումով: