ՄՆԱՑԱԿԱՆԵԱՆ-ԶԱՐԻՖ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆի հետ։ Ինչպէս ծանօթ է, Զօհրապ Մնացականեան այսօր պաշտօնական այցելութեան մը կը ձեռնարկէ դէպի Գահիրէ։ Եգիպտոս մեկնելէ առաջ ան զրուցած է իր իրանցի պաշտօնակցին հետ:
Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան ընկերային ցանցերու միջոցաւ հրապարակեց վերջին վիճակագրական տուեալները։ Այսպէս, Թուրքիոյ մէջ երէկ կատարուեցաւ 112 հազար 213 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ՝ 1671 նոր վարակեալ։
Երբ մշակոյթը կը նպաստէ տեղական տնտեսութեան զարգացման, Տաւուշի մէջ կը սկսի «Երեւան ճազ ֆեստ»ը։
Կիւմրիի մէջ ճազի առցանց փառատօն քաղաքի թանգարաններու բակերէն ներս։ Այսպէս, Կիւմրիի մէջ, արդէն երրորդ անգամ «Մանուկեան ընկերութիւն»ը Ճազի հայկական ընկերակցութեան աջակցութեամբ կը կազմակերպէ ճազի փառատօն:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Սերպիայի եւ Քոսովայի կառավարութիւնները առաջադրուած են Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակի։ Այսպէս, Շուէտի պատգամաւոր Մակնուս Եագոպսոն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Սերպիայի եւ Քոսովայի կառավարութիւնները առաջադրած է Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակի՝ սեպտեմբերի 4-ին ստորագրուած տնտեսական յարաբերութիւններու կարգաւորման համաձայնագրի համար։
Թուրքիոյ եւ Յունաստանի զինուորական պատուիրակութիւններուն միջեւ երէկ թեքնիկ բնոյթով հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Պրիւքսելի մէջ, ՆԱԹՕ-ի հրամանատարական կեդրոնէն ներս։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, տարանջատման եզրերը քննարկուեցան բանակցութիւններու ընթացքին։ Կը ծրագրուի, որ յառաջիկայ օրերուն նոր ժողով մըն ալ տեղի ունենայ։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան վաղը պաշտօնական այցելութիւն մը պիտի տայ Գահիրէ։ Ուղեւորութիւնը պիտի շարունակուի մինչեւ 15 սեպտեմբեր։
Հայաստան եւ Անգլիա կը ձգտին յառաջիկային զարգացնել ու խորացնել իրենց համագործակցութիւնը: