ՔԱՐԱՆՁԱՒԱՅԻՆ ՊԵՂՈՒՄՆԵՐ
Հայաստանի Արջերու քարանձաւին մէջ պեղումներ կ՚իրականացուին․ գտածոները օգտագործուած են աւելի վաղ ժամանակներուն։ Այսպէս, Վայրի բնութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնադրամի (FPWC) նախաձեռնութեամբ սկսած են Վայոց Ձորի մարզէն ներս գտնուող Արջերու քարանձաւի հետախուզական հնագիտական պեղումները։
Ճաբոնի մայրաքաղաքը՝ Թոքիոյի մէջ շոգէն մահացած է 79 հոգի։ Թոքիոյի մէջ օգոստոսի սկիզբէն ի վեր աւելի քան 79 հոգի մահացած է սաստիկ տաք եղանակի ներգործութենէն:
Մարսէյլի մէջ, Ֆրանսա, կ՚արգիլեն քաղաքի լողափներուն ծխելը։ Այսպէս, Մարսէյլի իշխանութիւնները օգոստոսի 15-էն սկսեալ արգիլած են քաղաքի լողափներուն ծխելը:
Եւրոպայի մէջ նոր սահմանափակումներ կը սահմանուին։ Այսպէս, եւրոպական որոշ երկիրներու իշխանութիւնները կը փորձեն զսպել քորոնաժահրի տարածումը:
Էրտողան եւ Փութին առաջնահերթօրէն կանգ առին Լիպիոյ եւ Սուրիոյ տագնապներու ընթացքին վրայ:
Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան հրապարակեց Թուրքիոյ վերաբերեալ վերջին վիճակագրական տուեալները։
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի հետ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, նախարարներուն տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ Տոմինիքեան Հանրապետութեան մայրաքաղաքին՝ Սանթօ Տոմինկոյի մէջ։
Մինչ այժմ դուք, անկասկած, գտած էք «COVID-19»ի հետ կապուած տագնապը յաղթահարելու միջոց: Հնարաւոր է՝ դուք կը հանգստանաք խոր շունչ քաշելով կամ պարզապէս թունդ խմիչք կը լեցնէք ձեզի համար:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին այս շաբաթավերջին կը նշէ Սուրբ Կոյսի տաղաւարը։