99-ՐԴ ԽԱՂԱՇՐՋԱՆԸ
Հայաստանի «Գ. Սունդուկեան» Ազգային ակադեմական թատրոնը կը վերսկսի ներկայացումներ սարքել:
Համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ բեմադրութիւնները բացօթեայ պիտի կատարուին մինչեւ 18 հոկտեմբեր:
Հայաստանի «Գ. Սունդուկեան» Ազգային ակադեմական թատրոնը կը վերսկսի ներկայացումներ սարքել:
Համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ բեմադրութիւնները բացօթեայ պիտի կատարուին մինչեւ 18 հոկտեմբեր:
Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա յայտնեց, որ քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ հիւանդներու թիւը աճիլ կը շարունակէ երկրէն ներս։ «Միասնաբար պէտք է հնազանդինք սահմանափակումներուն, որպէսզի մեր առողջապահութեան համակարգը եւ անոր աշխատողները կարողանան տեւական ծառայութիւն մատուցել», յայտնեց Քոճա։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ ելոյթով մը հանդէս եկաւ «Համագործակցութիւն ուղղուած Վիեննայի գործողութիւններու ծրագրի եւ դէպի ծով ելք չունեցող զարգացող երկիրներու կայուն զարգացման նպատակներու արագ իրականացման» նիւթով կազմակերպուած առցանց հանդիպման ժամանակ։
Երեւանի մէջ արդէն գործել սկսած է Չինաստանի նորակառոյց դեսպանատունը։ Սա ընդարձակ համալիր մըն է։
Հայաստանի Առաջին տիկին Նունէ Սարգսեանի Քուէյթի վարժարանի սաներուն ուղղեալ արեւմտահայերէն բանաստեղծութիւններու մրցոյթի արդիւնքները ամփոփուեցան վերջին օրերուն։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի եւ սփիւռքի տարեկից աշակերտներու միջեւ կապերու սերտացման ուղղեալ հեռավար զրոյցներու շրջանակին մէջ կազմակերպուեցաւ բանաստեղծութիւններու այս մրցոյթը։
Միջազգային իրադարձութիւններու ամենայն ծանրաբեռնուածութիւններով հանդերձ, BREXIT-ի գործընթացը կը շարունակէ անմիջական տեղ զբաղեցնել համաշխարհային օրակարգի վրայ։ Եւրոմիութիւնը եւ Անգլիան պէտք է մինչեւ տարեվերջ համաձայնութեան մը հասնին՝ իրենց ապագայ յարաբերութիւնները կարգաւորելու նպատակով։
Իսթանպուլի Քաղաքապետական թատրոնը պատմութեան մէջ առաջին անգամ իր ծրագրին մէջ տեղ կու տայ քրտերէն ներկայացումի մը։ Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ Քաղաքապետական թատրոնը կ՚աջակցի մասնաւոր թատերախումբերուն, որոնք կը դիմագրաւեն դժուարութիւններ։
ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նոր՝ 75-րդ նստաշրջանի բացումը առիթ հանդիսացաւ հերթական անգամ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի շօշափուելուն։ Այս տարի թէեւ աշխարհի երկիրներու ղեկավարները Նիւ Եորքի մէջ չեն համախմբուած քորոնաժահրի համաճարակի հետեւանքով, սակայն անոնք հեռավար դրութեամբ կը փոխանցեն իրենց պատգամները՝ միջազգային օրակարգի հրատապ հարցերուն շուրջ։
Վնասուած բնակարաններու վերանորոգութեան ճանապարհին ընդհանուր գնահատման աշխատանք:
ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի կամաւորները շաբաթներէ ի վեր անխափան գործ կը տեսնեն՝ լիբանանահայութեան հրատապ խնդիրներուն շօշափելի լուծումներ գտնելու եւ ընտանիքներու առօրեան տանելի դարձնելու առաջադրութեամբ:
Թուրքիոյ եւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահներուն միջեւ երէկ տեղի ունեցաւ կարեւոր հեռաձայնային տեսակցութիւն մը:
Էրտողան եւ Մաքրոն անդրադարձան այն բոլոր հրատապ խնդիրներուն, որոնք լարուածութեան ու տարակարծութեան պատճառ կը դառնան Անգարայի եւ Փարիզի միջեւ: