ՏԵՒԱԿԱՆ ՀՐԹԻՌԱԿՈԾՈՒԹԻՒՆ
Ստեփանակերտը, Շուշին եւ Լեռնային Ղարաբաղի միւս բնակչութեան վայրերը կը շարունակեն մնալ ռումբերու տարափի տակ: Ատրպէյճանի բանակը այս առաւօտ վերստին յարձակման անցաւ Արցախի շփման գծի հիւսիսային եւ հարաւային ուղղութիւններու վրայ: Շոյկու զրուցեց Տօնոյեանի եւ Հասանովի հետ:
Արայիկ Յարութիւնեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ ընդլայնուած խորհրդակցութիւն՝ պատերազմական վիճակի մէջ պետական կառավարման մարմիններու աշխատանքներու կազմակերպման համար:
Ճէյհուն Պայրամով այսօր կ՚այցելէ Ժընեւ, Զօհրապ Մնացականեան երկուշաբթի կը մեկնի Մոսկուա:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Սա Ղարաբաղի մէջ բռնկած պատերազմէն ի վեր երկու ղեկավարներու հինգերորդ հեռախօսազրոյցն է։
Ռուսաստանի վարչապետ Միխայիլ Միշուսթին այսօր կ՚այցելէ Երեւան, ուր կը մնայ երկու օր։ Ան կը մասնակցի Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան միջկառավարական խորհուրդի նիստին։ Ժողովները կը համընկնին Արցախի ռազմաճակատի թէժ իրադարձութիւններու շրջանին։
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարեց, որ մտահոգուած է Լեռնային Ղարաբաղի իրադարձութիւններով։ Ան ողբերգութիւն որակեց դէպքերը եւ ըսաւ. «Թէ՛ Ատրպէյճան, թէ՛ Հայաստան եւ թէ Լեռնային Ղարաբաղ այն տարածքներն են, ուր մեզի համար հարազատ մարդիկ կ՚ապրին»։ Փութին աւելցուց, որ հակամարտութեան վերջնական լուծումը տակաւին հեռու է, բայց պէտք է անյապաղ դադրեցնել կրակը։
Ստեփանակերտի, Շուշիի եւ Արցախի բոլոր խաղաղ բնակավայրերուն վրայ սաստիկ կրակ կը տեղայ:
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ այցելեց Պաքու, ուր հանդիպումներ ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Արցախի մէջ բռնկած նոր պատերազմի մթնոլորտին մէջ, սա զօրակցութեան այցելութիւն մըն էր։