«ՌՈՄԱ»ԷՆ ՆՈՐ ԱՌԱՋԱՐԿ
Հայկական ֆութպոլի արդի մեծ աստղերէն, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեանի անունը ներկայիս դարձեալ օրակարգի վրայ է մարզական աշխարհէ ներս։ Երբ ֆութպոլի մէջ փոխանցման շրջանը մօտեցած է, Հենրիխ Մխիթարեանի ապագային վերաբերեալ հաւանականութիւններն ալ մարզական մամուլի ուշադրութեան առարկայ կը դառնան։