ԺԱՀՐ ՄԸ ԵՒՍ…
Լաոսի մէջ տենկէ տենդով վարակուածներու թիւը աւելցած է 54-ով եւ գերազանցած 2.6 հազարը: Այս մասին կը տեղեկութիւններ հաղորդած է «Սինհուա» գործակալութիւնը։
Լաոսի մէջ տենկէ տենդով վարակուածներու թիւը աւելցած է 54-ով եւ գերազանցած 2.6 հազարը: Այս մասին կը տեղեկութիւններ հաղորդած է «Սինհուա» գործակալութիւնը։
Ճաբոնի մայրաքաղաքը՝ Թոքիոյի մէջ աճող հսկայական կանկատունկ (քաքթիւս) մը նկատած են, որու երկարութիւնը կը գերազանցէ 10 մեթրը։
Ճաբոնցի մը լուսանկարած եւ իր ընկերային ցանցին վրայ տեղադրած է Թոքիոյի մէջ գտնուող բնակելի շէնք մը, սակայն դիտարժան տեսարանը ոչ թէ կառոյցն է, այլ շէնքի երկարութեամբ աճող կանկատունկը:
Ըստ Մոսկուայի, Թրապլուսի կառավարութիւնը կը ձգտի ռազմական լուծման: Անգարա կը կարեւորէ տեւական հրադադարի մը երաշխաւորումը:
Թուրքիա եւ Ռուսաստան կը ջանան հասարակաց յայտարար մը գտնել Լիպիոյ տագնապի քաղաքական լուծման համար յարմար գետին պատրաստելու ուղղութեամբ:
Հայաստանի Վերաքննիչ քրէական ատեանը բեկանեց ընդդիմադիր գործիչ, «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանի խափանման միջոցի վերաբերեալ՝ Առաջին ատեանին կողմէ արձակուած դատավճիռը։
Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա յայտարարեց, որ Թուրքիոյ մէջ իսլամական աշխարհի յառաջիկայ տօնի շրջանին փողոց դուրս գալու ընդհանուր արգելք մը խնդրոյ առարկայ պիտի չըլլայ, սակայն զանազան քաղաքներու մէջ կրնան սահմանափակումներ հաստատուիլ։
Թուրքիա եւ Մեծն Բրիտանիա կը պատրաստուին նոր յարաբերութիւններ զարգացնել BREXIT-է վերջ:
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու ամենաբարձր մակարդակի վրայ շփումներ ունեցաւ Լոնտոնի մէջ:
Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթին մէջ կը կարդանք.-
Արեւելքի քրիստոնեաներուն սպասարկելու կոչումով 1856 թուականին հաստատուած «Oeuvre d՚Orient»ի 2020 թուականի գրական մրցանակի դատակազմը յատուկ գնահատականի (mention spéciale) արժանի նկատած է Տիգրան Եկաւեանի «Minorités d’Orient, les oubliés de l’Histoire» (Արեւելքի փոքրամասնութիւնները. Պատմութեան կողմէ մոռցուածները») գործը, որ լոյս տեսած է 2019 թուականին, «Ռոշէ» հը-րատարակչատունէն։
Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթէն կը տեղեկանանք, թէ լիբանանահայ Ռիթա Շահինեան դարձած է արաբական աշխարհի հիւլէական բնագաւառի առաջին կին բժիշկը։
Ռիթա Շահինեան ծնած է 1987 թուականին, Լիբանան:
«Տաշիր» բարեսիրական հիմնադրամը 300 հազար տոլարի համարժէք դրամ նուիրած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին՝ Հայաստանի շտապ բժշկական օգնութեան ծառայութեան 1786 բժիշկներուն, հիւանդապուհիներուն եւ բժշկական կեդրոններու աշխատակիցներուն նիւթական աջակցութիւն տրամադրելու նպատակով։
Երէկ, Երուսաղէմի «Հրէական արուեստի» թանգարանէն չորս շաբթուայ համար Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան փոխառութեան տրուեցաւ հայերէն ձեռագիր խորհրդատետր մը՝ ուսումնասիրութեան համար: Ըստ Պատրիարքարանի աղբիւրներու հաղորդումներուն, այդ ձեռագիրը մեր օրերուն հասած է 1674 թուականէն: