ԵՐԿՐՈՐԴ ԶՐՈՅՑԸ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմի մթնոլորտին մէջ Անգարա-Մոսկուա առանցքին վրայ աշխոյժ շփումները կը շարունակուին։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմի մթնոլորտին մէջ Անգարա-Մոսկուա առանցքին վրայ աշխոյժ շփումները կը շարունակուին։
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու Ժընեւի վաղուան ժամադրութեան ընդառաջ դիւանագիտական յառաջընթացի համար սպասումներ:
Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս գիշերը ընդհանրապէս հանգիստ էր, իսկ այս առաւօտ որոշ ուղղութիւններով սկսան տեղական նշանակութեամբ մարտերը:
Տարուան այս եղանակին ժահրերը շատ տարածուած կ՚ըլլան, ինչ որ յատկապէս վտանգաւոր է երեխաներու համար: Փոքրիկներու շրջանակին մէջ լուրջ հիւանդութիւններու տարածումէ խուսափելու համար ամերիկացի բժիշկ Հաուըրտ Պերօ ծնողներուն տուած է քանի մը օգտակար խորհուրդ, որոնք երեխան կը պաշտպանեն վտանգաւոր ժահրերէ:
Ջուրը կենսական նշանակութիւն ունեցող հեղուկ մըն է, առանց որու մարմինը չի կրնար կատարել իր գործառոյթները։ Բժիշկները յաճախ կը շեշտեն օրուան ընթացքին բաւարար քանակութեամբ ջուր խմելու անհրաժեշտութեան մասին, սակայն կ՚ըլլան պարագաներ, երբ ծարաւը յագեցնելու համար մարդիկ ստիպուած կը գնեն շիշալեցուած ջուր, մինչդեռ այն այնքան անվտանգ չէ, որքան շատեր կը կարծեն։
Գարեջուրը ու ալքոհոլային այլ ըմպելիքները կը համարուին մարմնի համար խիստ վնասակար, ուստի մասնագէտները խորհուրդ կու տան հնարաւորինս խուսափիլ անոնցմէ, սակայն Պերլինի համալսարանի գիտնականները ուսումնասիրութենէ մը վերջ յանգած են այն եզրակացութեան, որ եթէ չափաւոր գործածուի գարեջուրը՝ կրնայ դրական ազդեցութիւն ունենալ ոսկորներու հիւսուածքներու վրայ։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ Պետրոս Շիրինօղլու մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցեցին երեսփոխաններուն՝ ընդգծելով, որ համայնքը միշտ կ՚առաջնորդուի պետութեան կողմէ երաշխաւորուած ըլլալու զգացումով: Նորին Ամենապատուութիւնը ուշադրութիւն հրաւիրեց լրատուամիջոցներու եւ ընկերային ցանցերու հրահրումներուն վրայ: Ազգային մեծ ժողովի Մարդու իրաւանց ուսումնասիրութեան յանձնաժողովի անդամները երէկ այցելեցին Պատրիարքարան եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց: Խորհրդարանական պատուիրակութիւնը տեղեկագիր մը կը պատրաստէ՝ Լեռնային Ղարաբաղէ ներս ծագած պատերազմով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ թրքահայութեան կրած ազդեցութիւններուն շուրջ:
Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմի ընդհանուր երթին տեսակէտէ ճակատագրական բնոյթ ստացած են հարաւային հատուածի թէժ իրադարձութիւնները:
Ատրպէյճանի բանակը մտաւ Քուպաթլու, բայց չյաջողեցաւ ճեղքել ռազմաճակատը, մօտեցաւ Սիւնիքի դարպասներուն, սակայն իրավիճակը ծայրայեղ չէ, իսկ այս առաւօտ սկսաւ թիրախաւորել Հայաստանի՝ Իրանի սահմանամերձ դիրքերը: Արցախի Պաշտպանութեան նախարար Ճալալ Յարութիւնեան կռիւներու ժամանակ վիրաւորուեցաւ. կը փոխարինէ Միքայէլ Արզումանեան:
Հաթայի Փայաս գաւառակէն ներս երէկ երեկոյեան ժամերուն պատահեցաւ դէպք մը։ Այսպէս, անվտանգութեան ուժերը փափաքեցան կասեցնել բեռնատար մը, որու մէջ կը գտնուէր երկու ուղեւոր։
Հայկական երաժշտական աշխարհը երէկ ունեցաւ ցաւալի կորուստ մը։ Այսպէս, 69 տարեկան հասակին կեանքէն հեռացաւ յայտնի երաժիշտ Յարութիւն Թոփիկեան, որ զոհ գնաց քորոնաժահրի համաճարակին։
Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմի պայմաններուն ներքեւ, շաբաթավերջի Ուաշինկթընի խտացեալ շփումներուն լոյսին տակ, այս անգամ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու վարչախումբի մեծ ջանքերով, Հայաստան եւ Ատրպէյճան երրորդ անգամ վերահաստատեցին մարդասիրական հրադադարը: Համաձայնութիւնը թէեւ այս առաւօտեան ժամերուն մտաւ ուժի մէջ, սակայն դաշտի վրայ սպասումները չեն արդարանար: Հակամարտութեան գօտիէն ներս տեղի կ՚ունենան բախումներ: Արցախի աղբիւրներու հաղորդումներով, Պաքու միշտ խախտումներ կը կատարէ ու կ՚իրականացնէ նոր յարձակումներ:
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները այս հինգշաբթի ժամադրուած են Ժընեւի մէջ՝ համաձայնեցնելու համար ժամանակացոյց մը կարգաւորման գործընթացը յառաջ տանելու նպատակով, ղեկավարներու կողմէ ընդունուած հիմնական սկզբունքներու համապատասխան: