ՕՍՄԱՆ ՔԱՒԱԼԱ ԿԵԶԻԻ ԴԱՏԷՆ ԱՆՊԱՐՏ ԱՐՁԱԿՈՒԵՑԱՒ, ՍԱԿԱՅՆ ԴԱՐՁԵԱԼ ՀՍԿՈՂՈՒԹԵԱՆ ՏԱԿ ԱՌՆՈՒԵՑԱՒ
«Կեզի» զբօսայգիի դէպքերու դատավարութեան 7-րդ փուլը երէկ տեղի ունեցաւ Սիլիվրիի մէջ։ Դատակազմը յանգեցաւ այն եզրակացութեան, թէ մեղադրեալներու պարագային գոյութիւն չունի իրաւունքի համապատասխան շօշափելի ու վերջնական ապացոյց մը։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը խորհրդակցութեան հրաւիրած՝ Կրօնական ժողովն ու մեր հաստատութիւններու ատենապետները:
Թէ՛ սեղանի շուրջ եւ թէ դաշտի վրայ Անգարա եւ Մոսկուա մշտական կապի մէջ կը մնան Իտլիպի կացութեան համար:
Պատմութեան մէջ առաջին անգամ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները բաց ասուլիսի մը մասնակցութիւն բերին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան շաբաթավերջին հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ։ Երկու ղեկավարները անդրադարձան Սուրիոյ տագնապին եւ Իտլիպի կացութեան։ Անգարայի ղեկավարութիւնը ներկայիս բոլոր հարթակներու վրայ ահազանգ կը հնչեցնէ Իտլիպի պարագային ստեղծուած կացութեան շուրջ։ Ուաշինկթընն ալ ընդհանուր առմամբ կ՚աջակցի թրքական կողմին։
Շաբաթավերջին Իսթանպուլի մէջ տեղի ունեցաւ Պալքաններու մարմնամարզի ախոյենութիւնը։ Սա 25-րդ առաջնութիւնն էր, որուն մասնակցեցաւ 21 երկրի հաւաքական։ 8-րդ անգամ Իսթանպուլի մէջ տեղի ունեցաւ այս մրցաշարքը, որու մասնակից մարզիկներու թիւն էր 136։
Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իլհամ Ալիեւի մասնակցութեամբ քննարկում՝ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին շուրջ։
«Ապագայ» շաբաթաթերթի խմբագրականը. Բաժանել եկեղեցին կը պառակտէ Ուինզըրի համայնքը: