ԱՄՆ-Ի ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԵԿԱՆ ԶԵԿՈՅՑԸ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՄԱՐԴՈՒ ԻՐԱՒԱՆՑ ՎԻՃԱԿԻՆ ՇՈՒՐՋ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութիւնը վերջին օրերուն հրապարակեց Հայաստանի վերաբերեալ մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան տարեկան զեկոյցը։ Այսպէս, ԱՄՆ-ի Պետական քարտուղարութիւնը մատնանշեց, որ 2019-ին Հայաստանի կառավարութիւնը քայլերու ձեռնարկած է թէ՛ նախկին եւ թէ ներկայ պաշտօնատարներու կողմէ կատարուած զեղծարարութիւնները հետաքննելու եւ մեղաւորները պատժելու ուղղութեամբ:
Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարելու համար Հայաստանի մէջ երէկ արտակարգ դրութիւն հռչակուեցաւ։ Կառավարութեան նախաձեռնութեամբ առնուեցաւ այս որոշումը, որուն համար նիստ մը գումարեց նաեւ Ազգային ժողովը։
Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի զօրքերը կը վերահսկեն իրավիճակը Իտլիպի մէջ, «M4» մայրուղիին վրայ:
Պեժանեաններու ընտանիքը վերջերս բախտաւորուած է 12-րդ զաւակով. շնորհաւորական այցելութիւն:
Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի ամրակայման եւ հիմնանորոգման աշխատանքները կը շարունակուին՝ առարկայ դառնալով համայն հայութեան անմիջական ուշադրութեան։ Ամենայն Հայոց Սրբութիւն Սրբոցը՝ Միածնաէջ Մայր Տաճարը հիմնանորոգութենէ կ՚անցնի վերջին շրջանին եւ այժմու կանխատեսումներով այդ գործընթացը աւելի քան տարի մը վերջ պիտի հասնի իր աւարտին։
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Հոգեւոր գլուխգործոց:
Կ. Պոլսոյ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի 110-ամեակի առիթով, Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչութեան եւ Գօչունեան ընտանիքի մտայղացմամբ, 2018 թուականին առաջին անգամ, վերանայուած տարբերակով վերահրատարակուած է Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան» աղօթագիրքի արեւմտահայերէն տարբերակը: Սոյն թարգմանութիւնը, իրաւամբ, կը համարուի «Նարեկ»ի առաջին, ամբողջական աշխարհաբար թարգմանութիւնը: