ՄՕՏԱԼՈՒՏ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ՍԵՄԻՆ
Ամեն. Տ. Սահակ Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հայրը բացառիկ հարցազրոյց մը տուաւ «Աքշամ» օրաթերթին, որու այսօրուան համարի ճակատին տեղ տրուած են իր խօսքերուն:
«ԱՔ կուսակցութեան իշխանութեան տարիները եղած են փոքրամասնութիւններու ամենահանգիստ շրջանը։ Մեզի համար դիւրաւ հասանելի է Հանրապետութեան նախագահը»:
«Սփիւռքը հարիւր տարի ետ մնացած է՝ ողբերգութեան հիմքով հաւաքական գիտակցութիւն մը ստեղծելով։ Անոր իսլամի ընկալումն ալ տարբեր է մեզմէ», յայտնած է Նորին Ամենապատուութիւնը:
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Ժընեւի մէջ իր մահկանացուն կնքած է սփիւռքահայ յայտնի ազգային-հասարակական գործիչ Նազարէթ Սըրմաքէշ։ Սա 2020 թուականի տարեմուտի տխուր լուրն է, որովհետեւ Նազարէթ Սըրմաքէշ՝ մասնաւորապէս եւրոպահայութեան խորհրդանշական անուններէն մին էր եւ ազգային-եկեղեցական կեանքէ ներս իր ունեցած ներդրումը, իր կողմէ ցուցաբերուած եռանդը բարձր գնահատանքի արժանացած էր բոլորին կողմէ։
Սիրելի բարեպաշտ ժողովուրդ ի հայրենիս եւ ի սփիւռս,
Համայն մարդկութիւնը մեծ հրճուանքով եւ խաղաղութեան համատարած մաղթանքով ողջունեց 2020-ը:
Եւ այսպէս, 2020 թուականի այգաբացը… Սա նոր լուսաբաց մըն է յոյսի շողերով եւ մանաւանդ՝ լաւատեսութեան ճառագայթումով։
Համայնքային երկու երախտաշատ բարերարներ՝ տուրքի մրցանիշաւորներու շարքին դասուեցան:
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթը 2020 թուականի տարեմուտին առթիւ համախմբուեցաւ խրախճանքի մը մթնոլորտին մէջ։ Միութեան հաւաքատեղիին մէջ կազմակերպուած այս աւանդական խրախճանքը իսկապէս փայլուն անցաւ եւ մարալցիները բարձր տրամադրութեամբ ողջագուրուեցան նոր տարիի մը սեմին։
Նիկոլ Փաշինեան. «2020-ին մենք պէտք է աւելի շօշափելի դարձնենք դրական փոփոխութիւնները»:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան շաբաթավերջին ենթարկուեցաւ վիրահատութեան։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Արմէն Սարգսեան վիրահատական միջամտութեան ենթարկուած է արտասահմանի մէջ։
Թուրքիոյ մէջ արտադրուած ինքնաշարժը երէկ առաջին անգամ ներկայացուեցաւ պատմական հաւաքոյթով մը: