ԴԱՂԴՂԱՆ-ՀՄԱՅԻԼ ՉԱՐԽԱՓԱՆԸ
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
-Մա՛մ, տես քեզի ի՛նչ բերի, հայկական զարդանախշերով պատրաստուած չարխափան է եղեր ասիկա:
Ուրախութեամբ յայտնած էր տղաս ճամպրուկները պարպած պահուն այս իրը ինծի յանձնելով:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
-Մա՛մ, տես քեզի ի՛նչ բերի, հայկական զարդանախշերով պատրաստուած չարխափան է եղեր ասիկա:
Ուրախութեամբ յայտնած էր տղաս ճամպրուկները պարպած պահուն այս իրը ինծի յանձնելով:
ԳԱԲՐԻԷԼ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԱՅՎԱԶԵԱՆ
Արդի աշխարհաբարի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Սուրբ, Սուրբ-էն ետք քահանային ըսած աղօթքին սովորաբար ինչո՞ւ Կանոն կ՚ըսուի:
Պատասխան. Որովհետեւ Պատարագին գլխաւոր բաժինը այդ աղօթքը կը համարուի, ու անոր մէջն են ստեղծագործութեան առաջին եւ գլխաւոր խօսքերը:
ԵՐԱՄ
Վիրաւորի անկողնին պառկած, անդիէն ձայն մը լսեր էր Զանան.
-Հոն, երրորդ շարքին...
-Այո՛, ի՛նքն է... Զանա՛
Գլուխը դէպի վրանի մուտք էր դարձուցեր։ Մէ՞կն եկած էր ետեւէն։
Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Խօսք. «Եւ Հայրը որ զիս ղրկեց՝ ի՛նք է որ Իմ մասիս կը վկայէ» (Յհ 5.37):
Մեկնութիւն. Ասիկա ըստ կարգի երրորդ վկայութիւնն է, եւ երկրորդ՝ ըստ աստուածային գործերուն:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Կարծէք այս վարակը, որ դանդաղ բայց «հաստատուն» քայլերով «գրաւեց» մեր աշխարհը, կարեւոր առիթներ բացաւ մեզի, որպէսզի աւելի խոր նայինք մեր շուրջ ու ամենակարեւորը մտածենք վաղուան մասին։
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Պսակաձեւ ժահրի տիրապետութեան այս օրերուն, յաճախ կրկնուող խօսք է, որ մեր կեանքին մէջ հիմնական փոփոխութիւններ յառաջացած են, իսկ վաղը-միւս օր, երբ այս պատուհասը անցնի-երթայ, պիտի ապրինք բոլորովին տարբեր աշխարհի մը մէջ:
ՇԱՔԷ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
Իրապէս հպարտանալու իրաւունք ունինք հայերս... Չնայած յաճախ ինքնաքննադատօրէն կ՚ըսենք, թէ շատ կը պարծենանք, կամ իւրաքանչիւր տաղանդաւոր անձի ետին հայու արիւն կամ հայութեան հետ կապ մը կը փնտռենք, սակայն իրողութիւնն այն է, որ՝ այո՛, հազարաւոր տաղանդաւոր անհատներ զտարիւն կամ կիսով չափ հայ եղած են (եւ տակաւին որքան անյայտ մնացած են):
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Պսակաձեւ ժահրին դէմ պայքարող ամերիկեան խմբակին պետը՝ Տաքթըր Ֆաուչի, հաստատեց իրականութիւն մը, որ ամերիկացիք ու աշխարհը շաբաթներէ ի վեր գիտէին. «Եթէ վարակին դէմ աւելի կանուխ շարժէինք, այսքան զոհ չէինք տար…»:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Շատ հաւանաբար, քորոնան լոկ սկիզբ մըն է. սկիզբ մը՝ ո՛չ միայն փորձութիւններու տեսակէտէն, այլեւ՝ ամբողջ մարդութեան առջեւ դրուած հիմնահարցերը լաւապէս քննելու, նաեւ այդ խնդիրներու լուծումը ժամ առաջ ապահովելու մասին մտածելու առումով։
Համաշխարհայնացումը (globalization) մեր դարու նոր երեւոյթն է, որ իրար մօտեցուցած է ցամաքամասներն ու ժողովուրդները: Համաշխարհայնացումը բարիք մը նկատուած է մարդկութեան, իրարմէ կախեալ դարձնելով ժողովուրդները: