Հոգե-մտաւոր

ՅԱՐԱՏԵՒՈՒԹԵԱՆ ԵԶՐԸ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Կեան­քի մէջ յա­ջո­ղե­լու եւ մտադ­րուած նպա­տա­կի մը հաս­նե­լու հա­մար անհ­րա­ժեշտ պայ­ման­ներ են՝ գի­տու­թիւ­նը, աշ­խա­տու­թիւ­նը եւ կար­գա­պա­հու­թիւ­նը, բայց յա­ջո­ղու­թիւ­նը կա­տա­րեալ ըլ­լա­լու հա­մար անհ­րա­ժեշտ է նաեւ այս ե­րեք պայ­ման­նե­րու մէջ յա­րա­տե­ւու­թի՛ւ­նը։

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՊԱՏԱՐԱԳԸ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հայ Ե­կե­ղե­ցին, պատ­մա­կան հնա­գոյն ե­կե­ղե­ցի­նե­րէն մին է, ո­րուն գո­յու­թիւ­նը սկիզբ կ՚առ­նէ ա­ռա­քե­լա­կան դա­րէն։ Չոր­րորդ դա­րու սկիզ­բը՝ 301 թուա­կա­նին, քրիս­տո­նէու­թիւ­նը պաշ­տօ­նա­պէս հռչա­կուած է «Հայ Ժո­ղո­վուր­դի պե­տա­կան կրօն»՝ Սուրբ Գրի­գոր Լու­սա­ւոր­չի օ­րով եւ ա­նոր մի­ջո­ցով։

ԴԺՈՒԱՐԻՄԱՑ ԽՕՍՔԵՐ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Պետ­րոս Ա­ռա­քեալ իր ընդ­հան­րա­կան երկ­րորդ նա­մա­կին մէջ սա­պէս կ՚ը­սէ. «Նա­մակ­նե­րու մէջ կարգ մը դժուար հասկ­նա­լի մա­սեր կան, ո­րոնց ի­մաս­տը չա­րա­փո­խու­մի կ՚են­թար­կուի տգէտ եւ փո­փո­խա­միտ մար­դոց կող­մէ։ Ա­նոնք միւս Սուրբ Գիր­քե­րը եւս կը չա­րա­փո­խեն, ի­րենց սե­փա­կան կո­րուս­տը պատ­րաս­տե­լով» (Բ. ՊԵՏՐ. Գ 16)։­

ԵՐԿՈՒ ՀԱԶԱՐ ՏԱՐՈՒԱՅ ՑԱՆ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Եր­կու հա­զար տա­րուայ ցան մը՝ ար­մա՛տ մըն է քրիս­տո­նէա­կան հա­ւատ­քը, որ փո­խեց մարդ­կու­թեան ամ­բողջ ըն­թաց­քը եւ էու­թիւ­նը։ Եր­կու հա­զար տա­րի ա­ռաջ Քրիս­տոս իր վար­դա­պե­տու­թեամբ հին մար­դը վե­րա­ծեց նոր մար­դու եւ նոր հո­գիով, նոր միտ­քով օժ­տեց ու բա­րե­փո­խեց մարդ­կու­թիւ­նը։

ՄԻՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՆՄԱՆՈՒԹԻՒՆ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդ, իր ստեղ­ծու­մէն ի վեր կը ջա­նայ հաս­նիլ կա­տա­րե­լու­թեան, ա­ւե­լի եւս զօ­րա­նալ եւ ա­ւե­լի ան­թե­րի ըլ­լալ ա­մէն տե­սա­կէ­տով։ Ար­դա­րեւ, մարդ ստեղ­ծուած է կա­տա­րե­լա­գոր­ծուե­լու՝ ինչ­պէս բնու­թիւ­նը տե­ւա­պէս բարշրջ­ման ըն­թաց­քով կը բա­րե­փո­խուի, կը կա­տա­րե­լա­գոր­ծուի։

ՋՈՒՐԻՆ ԱՂԲԻՒՐԸ ԳՏՆԵԼ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

​Ջու­րը մար­դուս կեան­քին հա­մար անհ­րա­ժեշտ տարր մըն է։ Ար­դա­րեւ, մարդ­կա­յին մարմ­նին բա­ղադ­րիչ­նե­րուն մէջ կա­րե­ւոր եւ բարձր հա­մե­մա­տու­թեամբ տեղ կը գրա­ւէ ջու­րը։ Մարդ իր էու­թիւ­նը պա­հե­լու եւ կա­րե­նալ տե­ւա­կա­նաց­նե­լու հա­մար ջու­րի պէտ­քը ու­նի եւ ինչ­պէս բո­լոր կեն­դա­նի էակ­նե­րը։

ԱՆՄԱՀՈՒԹԵԱՆ ԿԵՐԱԿՈՒՐԸ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդ­կա­յին մար­մի­նը իր գո­յու­թիւ­նը պա­հե­լու եւ տե­ւա­կա­նաց­նե­լու հա­մար պա­հանջ­քը կը զգայ սնուն­դի եւ այս պատ­ճա­ռով, բնա­կա­նա­բար, երկ­րա­ւոր-նիւ­թա­կան սնունդ կը փնտռէ երկ­րի վրայ, քա­նի որ մար­մի­նը երկ­րա­յին է եւ ան­շո՛ւշտ որ երկ­րա­յին սնուն­դով պի­տի սնա­նի։

«ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՄԱՐԴ» ԸԼԼԱԼ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

​Մարդ էա­կը ու­նի եր­կու ե­րե­սակ­ներ՝ ան, նախ «ան­հատ» մըն է, յե­տոյ մարդ­կա­յին ըն­կե­րու­թեան մէկ «ան­դամ»ը։ Ար­դա­րեւ այս եր­կու ե­րե­սակ­նե­րուն ներ­դաշ­նա­կու­թիւնն է որ կը կազ­մէ մար­դը ամ­բող­ջու­թեամբ։ Մար­դուն, ինչ­պէս կ՚ը­սուի, ո՛չ մէկ բան օ­տար է որ մարդ­կա­յին է։

ՄԵՌԵԱԼՆԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՕՐ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Երբ կ՚ապ­րինք տօ­նա­կան օ­րե­րու ու­րա­խու­թիւ­նը, պէտք չէ՛ մոռ­նանք նաեւ մեր սի­րե­լի­նե­րը՝ ո­րոնք բաժ­նուած են այս աշ­խար­հէն։ Ար­դա­րեւ «յի­շել» կը նշա­նա­կէ՝ մոռ­ցուած մէ­կը կամ ի­րո­ղու­թիւն մը՝ ա­ռի­թով մը մտա­բե­րել եւ քա­նի որ մեր սի­րե­լի­նե­րը եր­բեք չե՛նք մոռ­նար, ա­պա ու­րեմն, ա­նոնց հա­մար չը­սենք «յի­շել», այլ ը­սենք՝ տօ­նա­կան օ­րե­րու եւ կամ ո­րոշ օ­րե­րու ու­րա­խու­թեան, հրճուան­քին, ցնծու­թեան ա­նոնք ալ կեր­պով մը «մաս­նա­կից» ը­նել. ա­ղօթ­քի եւ պաշ­տա­մուն­քի մէջ միա­սին ըլ­լալ։

ՄԱՀԷՆ ՎԵՐՋ ԱՆՄԱՀԱՆԱ՛Լ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Ձեզ­մէ ո՞վ կրնայ ամ­բաս­տա­նել զիս ո­րե­ւէ մեղ­քով։ Իսկ ե­թէ ճշմար­տու­թիւ­նը կը խօ­սիմ, ին­չո՞ւ չէք հա­ւա­տար ին­ծի» (ՅՈՀՎ. Ը 46)։ Ա՛յս­պէս կ՚ը­սէ Յի­սուս եւ իր կեան­քին գի­նով ցոյց կու տայ ճշմար­տու­թիւ­նը՝ թէ մա­հէն վերջ կ՚եր­թայ մարդ ան­մա­հու­թեան, որ է՝ յա­ւի­տե­նա­կան կեա՛նք։

Էջեր