ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԱՆՈՒՆԸ՝ «Է»
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ես եմ որ Եմ» (ԵԼՔ. Գ 13-15)։ «Ես եմ որ Եմ», եւ կամ «Ես եմ որ Է», եւ կամ «Ես եմ ի՛նչ որ Եմ» խօսքերով Աստուած կը յայտնէ իր անունը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ես եմ որ Եմ» (ԵԼՔ. Գ 13-15)։ «Ես եմ որ Եմ», եւ կամ «Ես եմ որ Է», եւ կամ «Ես եմ ի՛նչ որ Եմ» խօսքերով Աստուած կը յայտնէ իր անունը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Տկարութեան ապացոյց եւ լռելեայն խոստովանութիւն է փառք փնտռել «դիրք»ի մէջ։ Պարզ օրինակ մը՝ մեծ շէնքի մը մէջ ապրող մէկը մե՞ծ կրնայ անուանուիլ այն պատճառով, որ ան մեծ շէնքի մէջ կը բնակի։ Եւ կամ ո՞ր հոգեւոր հովիւը «մեծ» կը համարուի պարզապէս անոր համար, որ «մեծ եկեղեցի»ի մը մէջ հոգեւոր ծառայութիւն կը մատուցանէ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Շատեր կը կարծեն, որ լուրջ ըլլալ տխրադէմ կամ խոժոռադէմ ըլլալ կը նշանակէ։ Այս պատճառով, ուրախութիւնը տեսակ մը յանցանք նկատուած է հին ըմբռնումով, եւ լրջութեան կարեւորագոյն նշանը համարուած է յաւիտենական լալկանի տխուր դիմագծութիւն մը՝ որուն վրայէն ժպիտի հով մը իսկ չ՚անցնիր երբեք։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սիրտը կեդրո՛նն է այն թաքուն ուժին՝ որ կը կառավարէ մարդուս ամբողջ կեանքը՝ անոր խորհուրդները, գաղափարները, զգացումները, կիրքը, կամքը եւ կորովը։ Այս իմաստով, սիրտը մարդուն գաղտնիքներուն, անծանօթութիւններով լեցուն տիեզերքին բովանդակութիւնն է՝ որուն մէջ է պահուած ուժերը, որոնք աւելի զօրաւո՛ր են, քան մարդուս ծանօթ բնական աշխարհի ուժերը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կեանքի հակասութիւններուն նուազագոյնը չէ անշուշտ այն ձգտումը՝ որ տղաները կը մղէ հասուն տարիքի լրջութիւնը կեղծելու, եւ հասուններու մեծագոյն ցաւն ալ է կորուստը մանկութեան կամ երիտասարդութեան խօլ պատրանքներուն՝ որոնց մօտենալու տենչը կը գալարէ զիրենք։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ, առողջ կամ վատառողջ, խոհեմ կամ անխոհեմ, տրամադիր է յաճախ ինքզինք մտիկ ընելու եւ հակակշռելու իր զգացումները։ Արդարեւ, ինքզինք ճանչնալ՝ առաջին քայլն է շրջապատը ճանչնալու եւ լաւ յարաբերութիւն մշակելու իր շուրջիններուն հետ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հետաքրքրական չէ՞. մարդ, որ միշտ հպա՜րտ է իր բանականութեամբ, եւ ինքզինք գերադաս կը համարէ բոլոր միւս ապրող էակներէն, երբեմն այնպիսի դասեր կ՚առնէ որեւէ ապրող էակէ մը, որ երբեք չի համապատասխաներ իր բանականութեամբ օժտուած ըլլալու իրականութեան։ Արդարեւ, բնութիւնը ամբողջ դասերով, ազդարարութիւններով լեցուն է, եւ այն, որ կ՚անդրադառնայ եւ զիջողութիւն կ՚ընէ, տեղի կու տայ իր գերադաս վիճակէն, ա՛ն, ահաւասիկ կը յառաջդիմէ եւ կը կատարելագործուի։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարմնական որեւէ հիւանդութիւն, ցաւ եւ տառապանք կը պատճառէ։ Մարդկային մարմինը սքանչելի՜ ջղային մեքենականութիւն մը ունի. որեւէ գործարանի տկարութիւնը եւ կամ աններդաշնակ գործունէութիւնը կը տանջէ մարդուս մարմինը ցաւով։ Այս իմաստով՝ ցաւը ազդանշա՛ն մըն է՝ որ կ՚ազդարարէ, թէ անբնական բան մը կայ մարմնին մէջ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդուս կեանքին մէջ, միշտ ցաւով հաստատուած է անտարակոյս անհաշտութեան եւ ատելութեան այն վատ, անընկճելի զգացումը, որ իրարու դէմ լարած է մարդիկ, բարեկամութիւններ փոխուած է հակառակութեան, ընկերութիւններ՝ մինչեւ իսկ թշնամութեա՛ն։
Այս երեւոյթին ամենէն անտեսանելի, աննշան եւ անվնաս երեւցող ախտանիշը չէ անշուշտ, շատերու, նոյնիսկ իրենց մայրենի լեզուն եւ ինքնութիւնը ուրանալու պարագան։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Տխրութեան, ցաւերու եւ վիշտերու հո՜վ մը կը փչէ շատ անգամ մարդուս վրայ, մանաւանդ երբ ան յոգնած է կեանքի դժուարութիւններուն, նեղութիւններուն դիմադրելու ջանքերէն եւ պարտուած՝ կեանքի պայքարին մէջ։
Այս հովը ո՞ւրկէ կու գայ, կարելի չէ գիտնալ, բայց ան կու գայ անակնկալ, չսպասուած եւ քիչ մըն ալ անբաղձալի այցելուի մը նման։