ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ՝ ԿՈՐՍՈՒԱԾԻՆ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Մարդու Որդին եկաւ կորսուածը փնտռելու համար», (ՄԱՏԹ. ԺԸ 11)։ Այսպէս կ՚ըսէ Յիսուս, կորսուած արժէքները փնտռելու պատրաստակամութիւն, եւ կորսուածին նկատմամբ հաւատարի՛մ ըլլալ պատուիրելով։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Մարդու Որդին եկաւ կորսուածը փնտռելու համար», (ՄԱՏԹ. ԺԸ 11)։ Այսպէս կ՚ըսէ Յիսուս, կորսուած արժէքները փնտռելու պատրաստակամութիւն, եւ կորսուածին նկատմամբ հաւատարի՛մ ըլլալ պատուիրելով։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Չեմ գիտեր, թէ ուրիշներ ի՜նչ բաներ կը մտաբերեն, երբ հայելիին նային եւ նշմարեն իրենց ճերմակ մազերը։
Անշուշտ կարելի չէ բոլորովին անտարբեր մնալ ճերմակ մազերուն այն երեւոյթին՝ որ կը յայտնուի հայելիին մէջ, եւ կարծես կը գոչէ եւ կ՚ազդարարէ. «Ահաւասի՛կ, դուն այս մարդն ես. տարիներու ծանրութեան տակ ընկճուած ճերմակ մազերով մա՛րդը»։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ազատութիւնը գիրք է, որ անպայման լաւ նուէր մըն է անոնց համար, որոնք կը կարողանան կարդալ։ Միւսներուն համար անիկա շէնքին ներքին զարդարանքն է լաւատես հայեցողութեամբ մը, իսկ յոռետես հայեցողութեամբ՝ օճախը վառելու միջոց մը», կ՚ըսէ ժամանակակից փիլիսոփայ մը՝ Միխայիլ Խոդորկովսկ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդու մը դէմքը, ընդհանրապէս կ՚արտայայտէ անոր անձնաւորութիւնը։ Անշուշտ ասիկա բացարձակ չափանիշ մը չէ, եւ այդ իսկ պատճառով կ՚ըսենք. «ընդհանրապէս», քանի որ այս մասին կրնայ սխալիլ մարդ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կեանքի մէջ կան շահեր՝ որ մարդս կը խաբեն, քանի որ անոնք շահու կերպարանքին տակ իսկական կորուստներ են։ Ճիշդ այնպէս, ինչպէս «ոչխարի կերպարանքով մարդոց մօտեցող յափշտակիչ գայլեր», (ՄԱՏԹ. Է 15), որոնցմէ բարիք եւ օգուտ կ՚ակնկալելու, բայց անոնք միայն վնաս եւ կորուստ կը պատճառեն մարդոց։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յաճախ կ՚ըսենք, թէ՝ եթէ անցեալը չըլլար, ներկան գոյութիւն պիտի չունենար։ Այս կը նշանակէ, որ եթէ տարեցներ չըլլային, ներկայ սերունդ մը գոյութիւն չէր ունենար։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Պայծառակերպութիւն» նո՛յնն է «Այլակերպութեան» տօնին եւ անունին։ Աւետարանը կը գործածէ միայն «Այլակերպութիւն» բառը, սակայն «Պայծառակերպութիւն» բառն ալ ընդհանրացած է իբր աւելի յատուկ եւ աւելի փառաւոր բացատրութիւն։ Այլակերպութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ հինգ գլխաւոր տօներէն մին է՝ տաղաւար տօներէն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կոմիտաս Վարդապետին տաղանդին եւ արուեստին յայտնութիւնը զայն կը դնէ փառքի եւ պատուի բա՛րձր պատուանդանի մը վրայ՝ որուն հետամուտ չեղաւ երբեք։
Արդարեւ, իր հանճարին, իր յատկութիւններուն եւ գործին համընթաց՝ անոր նկարագրին զմայլելի մէկ գիծը կը պատմուի, որ զինք շա՜տ վեր բարձրացուցած է հիացողներու եւ համակիրներու աչին առջեւ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ջուրը գինիի փոխել, կամ որեւէ բանի մը բնութիւնը փոխել՝ մարդկային մտքին համար «հրա՜շք»ներ են։
Բայց մարդկային միտքը փոխել՝ զարգացնել, կրթել նոյնքան «հրաշք» մըն է, քանի որ «միտք»ը բարեփոխել, իր բարձրագոյն վիճակին հասցնել, իրապէս դժուար բան մըն է՝ բնական պայմաններու տակ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Քրիստոնէութեան եւ անշուշտ Աւետարանին ամենամեծ վարդապետութիւնը եւ բարոյականը հիմնուած են գաղափարի մը վրայ եւ անոր շուրջը կը դառնան, գաղափար մը, որ բոլոր աշխարհի արարածներու կապն է եւ ոգին, որով կը մագնիսանան ամէնքն ալ եւ իրարու կը կցուին գերբնական ամենէն անիմանալի բնազդով։ Ան ուժ մըն է ա՜յնքան մեծ եւ ա՛յնքան բարձր, որուն որակումը, բուն Ս. Յովհաննէս առաքեալի բերնին մէջ՝ բարոյական գաղափարներէ ամենէն մեծին եւ ամենէն բացարձակին հաւասարած է, այսինքն Աստուծոյ, քանի որ «Աստուած սէր է» (Ա ՅՈՎՀ. Դ 8)։