ԽՕՍՔ ՀՐԱԺԵՇՏԻ՝ ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ՅԱՅՏՆԻ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆ, ՀԵՂԻՆԱԿԱՒՈՐ ՊԱՏՄԱԲԱՆ ԱՆԱՀԻՏ ՏԷՐ-ՄԻՆԱՍԵԱՆԻՆ, ԱՄԵՆԱԽՈՐԻՆ ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԵԱՄԲ ՈՒ ԲԻ՜ՒՐ ՅԱՐԳԱՆՔՈՎ
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Հայաշխարհը այսօր հրաժեշտ կու տայ մեծ պատմաբան Անահիտ Տէր-Մինասեանին, որու մահը վերջին օրերուն համատարած ցաւ ստեղծեց։ Հայ ժողովուրդի ծնունդ տուած վիթխարի գիտնականներէն մին էր ան։