Հպանցիկ ակնարկ գործունէութեան. անցումային շրջանի պատրիարքը
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Եւ այսպէս, այս շաբաթավերջին թրքահայութիւնը հրաժեշտ կու տայ Պատրիարքական Աթոռի 84-րդ գահակալ Ամեն. Տ. Մեսրոպ Ս. Արք. Մութաֆեանի։ Շուրջ շաբաթէ մը ի վեր մեր համայնքը կ՚ապրի սուգի եւ ցնցումի օրեր, որոնք այս շաբաթավերջին կը հասնին իրենց գագաթին։ Թէեւ սուգի շրջանը քառասուն օր է, սակայն, տրամաբանականօրէն, ամենածանրն է հրաժեշտի փուլը։ Եւ ահա,՛ այդ փուլը եկած է վրայ հասնիլ։ Վաղը Գումգաբուի մէջ տեղի կ՚ունենան հոգելոյս Պատրիարքի յուղարկաւորութեան ու վերջին օծման արարողութիւնները, որոնց կը յաջորդէ թաղման կարգը՝ Շիշլիի գերեզմանատան մէջ։ Սուրբ Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ սրբազան կամարներուն ներքեւ հրաժեշտ կը տրուի երջանկայիշատակ Պատրիարքին։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ