Օրակարգի նիւթերը

Մշտական պայքար

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

​Ա­նա­հիտ Տօ­նա­պե­տեա­նի ե­րէ­կուան դա­սա­խօ­սու­թիւ­նը իս­կա­պէս հե­տաքրք­րա­կան էր, նաեւ հարս­տա­ցու­ցիչ։ Ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, իր խօս­քե­րը հիմ­նա­կան ո­րե­ւէ ար­տա­սո­վոր նո­րու­թիւն չէին բո­վան­դա­կեր՝ հայ ի­րա­կա­նու­թեան քիչ թէ շատ ծա­նօթ ան­ձի մը տե­սան­կիւ­նէն։

Ենթագետին

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

​Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թեան աղ­բիւր­նե­րէն ող­ջու­նե­լի լու­րեր հա­սան վեր­ջին օ­րե­րուն։ Թէ՛ քա­նա­կի եւ թէ ո­րա­կի ա­ռու­մով հի­ւան­դա­նո­ցի հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն հա­մար սահ­մա­նուած է նոր գա­գաթ մը։ Ա­ռա­ւե­լա­գոյն ճշգրտու­թեամբ ախ­տա­ճա­նաչ­ման տուեալ­ներ ա­պա­հո­վե­լու ճա­նա­պար­հին մեծ ար­դիւն­քի մը եւ ան­բաղ­դա­տե­լի հնա­րա­ւո­րու­թեան մը հա­սած է Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցը՝ շնոր­հիւ հո­գա­բար­ձու­թեան աստ­ղա­բաշ­խա­յին ներդ­րում­նե­րուն։

Հասուն մօտեցում

​​ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թեան ա­տե­նա­պետ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լուի կող­մէ ե­րէկ թեր­թիս մէջ լոյս տե­սած լու­սա­բա­նու­թիւ­նը ա­ռար­կայ դար­ձաւ հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րու ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեան։ VADİP-ի վեր­ջին ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին ան ու­նե­ցած էր ծա­ւա­լուն ե­լոյթ մը, ո­րու ըն­թաց­քին տե­սա­կէտ­ներ յայտ­նած էր մեր կրթա­կան հա­մա­կար­գի հրա­տապ խնդիր­նե­րուն շուրջ, այդ ամ­բող­ջին մէջ օ­րա­կար­գի վրայ բե­րե­լով զա­նա­զան ա­ռա­ջարկ­ներ, ժո­ղո­վա­կան­նե­րուն հետ բաժ­նե­լով ներ­կայ ծանր ի­րա­վի­ճա­կին եւ հա­ւա­նա­կան հե­տե­ւանք­նե­րուն մա­սին դի­տար­կում­ներ եւ շարք մը վար­ժա­րան­նե­րու ա­նուն­ներն ալ տա­լով խորհր­դա­ծու­թիւն­ներ ը­նե­լով։

Կարեւոր նօթեր՝ VADİP-ի վերջին ժողովէն

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

​Հա­մայն­քա­յին վա­քըֆ­նե­րու հար­թա­կի (VADİP) 2015-2016 շրջա­նի ա­ռա­ջին ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին կարգ մը հա­մայն­քա­յին վա­րիչ­ներ փո­խան­ցե­ցին ի­րենց հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ շարք մը կա­րե­ւոր տե­ղե­կու­թիւն­ներ։ Ժո­ղո­վին վե­րա­բե­րեալ ե­րէ­կուան ման­րա­մասն հա­ղոր­դում­նե­րէն վերջ այ­սօր կ՚անդ­րա­դառ­նանք նաեւ հա­մայն­քա­յին վա­րիչ­նե­րուն կող­մէ փո­խան­ցուած այդ տե­ղե­կու­թիւն­նե­րուն։

ԱՆԱԿՆԿԱԼ ՎԻՃԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Մեր համայնքի հրատապ խնդիրներու լուծման գրաւականը անոր վարիչներու զօրակցութեան եռանդին, գործակցութեան ոգիին մէջ է:
Ֆէրիգիւղի երէկուան սիրոյ սեղանի եզրափակիչ փուլին Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան եւ Իսկէնտէր Շահինկէօզ բարձրաձայնեցին տարակարծութիւններ:

Միասնականութիւնը անհրաժեշտ՝ աւելի քան երբեք…

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

​Ա­հա­բեկ­չու­թիւ­նը հեր­թա­կան ան­գամ գե­րե­վա­րած է մեր երկ­րին օ­րա­կար­գը։ Վեր­ջին ա­միս­նե­րուն Թուր­քիոյ մէջ ապ­րուած ող­բեր­գա­կան դէպ­քե­րը շա­բա­թա­վեր­ջին ի­րենց շա­րու­նա­կու­թիւ­նը ու­նե­ցան մայ­րա­քա­ղա­քին մէջ։ Ան­հա­ւա­տա­լի վայ­րա­գու­թիւն... Ան­գա­րա­յի մէջ ո­րո­տա­ցած պայ­թիւ­նը խոր սու­գի մատ­նած է բո­վան­դակ եր­կի­րը։

Նոր միտքերու համար առիթ

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Լիզ­պո­նի «Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կեան» հիմ­նար­կի Հայ­կա­կան հա­մայնք­նե­րու բա­ժան­մուն­քը նոր շունչ մը բե­րած է սփիւռ­քեան մեր ի­րա­կա­նու­թեան։ Քա­նի մը տա­րի ա­ռաջ փակման վտան­գի եզ­րին հա­սած այս բա­ժան­մուն­քը այ­սօր հան­դէս կու գայ ան­բաղ­դա­տե­լի ու նոյ­նիսկ դժուար հա­ւա­տա­լի կեն­սու­նա­կու­թեամբ։

Անհաւատալի, անբացատրելի

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

​Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղե­ցին ե­րէկ ապ­րե­ցաւ իր բազ­մա­դա­րեան փա­ռա­ւոր պատ­մու­թեան ե­զա­կի օ­րե­րէն մին, երբ աշ­խար­հաց­րիւ հա­յու­թիւ­նը հերթական ան­գամ ա­ռաջ­նոր­դեց հո­գե­ւոր միաս­նա­կա­նու­թեան։ Հա­յոց մա՛յր ե­կե­ղե­ցին թէեւ հիմ­նա­կան գրա­ւա­կանն է այդ միաս­նա­կա­նու­թեան, նաեւ ե­րաշ­խա­ւո­րը, սա­կայն ե­րէ­կուան հանգ­րուա­նը իս­կա­պէս գա­գաթ­նա­յին էր եւ ան­նա­խըն­թաց՝ իր ապ­րուած մթնո­լոր­տի իւ­րա­յատ­կու­թիւն­նե­րով հան­դերձ։

Փորձաքար

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռը ե­րէկ հան­դէս ե­կաւ կա­րե­ւոր ու շատ տե­ղին յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով։ Շուրջ եր­կու ա­մի­սէ ի վեր, ան­հա­մե­մա­տօ­րէն, մթնո­լոր­տը շի­կա­ցած է Թուր­քիոյ մէջ։ Օր չ՚անց­նիր ա­ռանց մտա­հո­գու­թեան, ի­րե­րա­յա­ջորդ կը պա­տա­հին ա­րիւ­նա­լի, տմար­դի դէպ­քեր, ո­րոնց զոհ կ՚եր­թան զինուոր­ներ, ոս­տի­կան­ներ։

Արիւն եւ լուծում

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Թուր­քիա կ՚ապ­րի ծանր շրջան մը։ Շա­բաթ­նե­րէ ի վեր ա­մէն օր ա­րիւ­նա­հե­ղու­թիւն կ՚ապ­րուի երկ­րին մէջ։ Զի­նուոր­ներ, ոս­տի­կան­ներ թի­րախ կը դառ­նան ա­հա­բեկ­չա­կան յար­ձա­կում­նե­րու։ Հան­րա­յին կար­ծի­քը խոր մտա­հո­գու­թեամբ ու ցա­սու­մով կը հե­տե­ւի այս տմար­դի զար­գա­ցում­նե­րուն։

Էջեր