Արխիւ

Երկուշաբթի, Յունիս 8, 2026

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Աշխարհի վրայ զգայնութիւնն ու յուզումը ե՞րբ ամօթ հռչակուեցաւ. մարդ արարածը ե՞րբ համոզուեցաւ, որ լռութեան մէջ տառապիլը շատ աւելի արժանապատիւ է՝ քան անկեղծ վշտանալն ու լալը. այդ մէկը ե՞րբ թուլութեան ու տկարութեան նշանակութիւն ստացաւ. մարդէն ե՞րբ պահանջուեցաւ քօղարկել ներքին զգացումները:

Երկուշաբթի, Յունիս 8, 2026

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ երկրաւոր կեանքէ հեռացած է մեր համայնքի երէց սերունդի վառ ներկայացուցիչներէն՝
ՏԻԱՐ
ՄԵԼՔՈՆ ՅԱՐԶՈՒԱՐԹԵԱՆ

որ յարգանք ու համակրանք կը վայելէր իր ընկերային շրջանակէն եւ մեր համայնքային կեանքէն ներս։

Երկուշաբթի, Յունիս 8, 2026

Շաբաթավերջին, թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս առանցքային իրադարձութիւն էր Էսաեան վարժարանի բաժակի օրը։ Շրջանաւարտից հաւաքը այս տարի եւս բարձր տրամադրութեան մէջ համախմբեց հաստատութեան զանազան սերունդներէ սաները։

Երկուշաբթի, Յունիս 8, 2026

Երէկ, Գատըգիւղի ընտանիքը ապրեցաւ խանդավառ օր մը։ Այսպէս, թաղի Արամեան-Ունճեան վարժարանի շրջանաւարտից տարեկան հաւաքը համախմբեց սերունդներու ներկայացուցիչներ։ 

Երկուշաբթի, Յունիս 8, 2026

Երէկ, Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցան թաղի Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբի տարեդարձի աւանդական տօնակատարութիւնները։ Այսպէս, դպրաց դասու հիմնադրութեան 323-րդ, իսկ երգչախումբի կազմութեան 88-րդ տարեդարձները նշուեցան՝ նախագահութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեանի, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։

Շաբաթ, Յունիս 6, 2026

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

​Աստուծոյ չհաւատացողներէն ոմանք «անհաւատ» են, ո՛չ թէ մտաւորական դժուարութիւններու պատճառով, այլ դժկամութեան պատճառով՝ ընդունելու բարոյական պահանջները հաւատքին։ Այսպիսի մարդոց կը պատկանի Friedrich Nietzsche-ի (1844-1900) տրմադրութիւնը, որ կ՚ըսէ. «Աստուած մեռած է եւ ամէն բան արտօնուած է»։ 

Շաբաթ, Յունիս 6, 2026

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Սփիւռքի մէջ ծնած ու հասակ առած գաղթական ժողովուրդի երրորդ եւ չորրորդ սերունդներուն մօտ սկսաւ նկատուիլ լուրջ վտանգ հանդիսացող հայաթափութիւնը՝ որ լեզուէն առաջ սկսաւ սկիզբ առնել մշակոյթի ձուլումով. 

Շաբաթ, Յունիս 6, 2026

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Եաշ բանաստեղծական փառատօնին, երբ Վալերի Թիպուլենքոյին հանդիպեցայ, առաջին առթիւ անմիջապէս ուշադրութիւնս գրաւեց իր մարդկային տեսքն ու անկէ բխած պարզ-չյայտնաբերուող, բայց գոհութիւն պատճառող տեսակը:

Շաբաթ, Յունիս 6, 2026

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

​Բենիամին Նուրիկեան, ծնած է 1894 թուականի օգոստոսի 7-ին, Խարբերդի Հիւսէյնիկ գիւղին մէջ: 

Շաբաթ, Յունիս 6, 2026

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ-Իրան հրադադարը թէեւ կը շարունակուի, սակայն, շատ փխրուն է՝ կարծես կրակի հետ խաղ մը ըլլար: Արդարեւ, լարուածութիւնը միշտ առկայ է Մերձաւոր Արեւելքի մէջ: 

Շաբաթ, Յունիս 6, 2026

​Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ընդունեց «Մարդու իրաւանց եւ ցեղասպանագիտութեան կեդրոն» հասարակական կազմակերպութեան ներկայացուցիչները։

Շաբաթ, Յունիս 6, 2026

​ԽԱԺԱԿ ԱՐՔ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ

Ամենայն Հայոց հոգեւոր կեդրոնը՝ Սուրբ Էջմիածինը, մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ միայն պատմական կամ կրօնական սրբավայր մը չէ, այլ՝ ազգային ինքնութեան, հոգեւոր շարունակականութեան եւ համահայկական միաբանութեան կենդանի խորհրդանիշը։

Շաբաթ, Յունիս 6, 2026

​Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան, նախընթաց օր, ընդունեց Էյուպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Սայաթ Մուրատօղլուն եւ գործակից ընկերները։ 

Շաբաթ, Յունիս 6, 2026

Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանէն ներս, առաջին դասարանի փոքրիկներու ընթերցման տօնը առիթ դարձաւ մեծ խանդավառութեան։

Շաբաթ, Յունիս 6, 2026

​Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մասիս Գույումճուն եւ գործակից ընկերները։

Շաբաթ, Յունիս 6, 2026

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան հիւրընկալեց սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական տքթ. Յակոբ Այնթապլեանը, որ վերջին տարիներուն բնակութիւն հաստատած է Հայաստան։

Շաբաթ, Յունիս 6, 2026

 ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Հայաստանի մէջ վաղը տեղի պիտի ունենայ խորհրդարանական ընտրութիւն։ Երկար ժամանակէ ի վեր այս ընտրութեան ժամացոյցը կը բանէր եւ վաղը արդէն եզրափակիչ փուլն է։ Պառակտումներու, բեւեռացումներու մթնոլորտին մէջ տեղի կ՚ունենայ Հայաստանի ընտրութիւնը։ Երբ երկիրը գոյաբանական վտանգներու դիմագրաւման ջանքեր կը գործադրէ, այս ընտրութիւնը նոր սկիզբի մը որոնումը կը համարուի։ Քուէարկութիւնը ճակատագրական նշանակութիւն ունի Հայաստանի տեսակէտէ։ 

Ուրբաթ, Յունիս 5, 2026

Երէկ երեկոյեան, Պէյօղլուի «Աթլաս» շարժանկարի դահլիճը ամբողջութեամբ լեցուած էր հայ գրականութեան համակիրներով, որոնք փութացած էին մասնակցելու՝ ասմունքի թագուհի Սիլվա Կոմիկեանի ի պատիւ կազմակերպուած մեծարանքի երեկոյթին։ 

Ուրբաթ, Յունիս 5, 2026

Երէկ, Հայաստանի Վերաքննիչ քրէական ատեանը փոփոխութեան ենթարկեց Տ. Բագրատ արք. Գալստանեանի խափանման միջոցը՝ բանտարկութիւնը փոխարինելով տնական կալանքի։

Ուրբաթ, Յունիս 5, 2026

Երէկ, Երուսաղէմի Եբրայական համալսարանէն ներս տեղի ունեցաւ հետաքրքրական հաւաքոյթ մը, որ ձօնուած էր հրեաներու եւ քրիստոնեաներու միջեւ փոխյարաբերութիւններու թէժ գիծին։ 

Էջեր