Արխիւ
ԿԱՐՕ ՊՕՀՃԱԼԵԱՆ
-Հեռուէէ՜ հեռու, խելքէդ միտքէդ չանցած տեղէ մը լուր մը պիտի ստանաս: Մօրաքս, հեռաւորութեան չափը լաւ շեշտելու համար, բառերը կ՚երկնցնէր, եւ ձախ թեւը բարձրացնելով, օդին մէջ կը շարժէր քանի մը անգամ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Արմատներով պոլսահայ նկարչուհի Վարդենի Մոստիչեան Երեւանի մէջ պատասխանեց մեր հարցումներուն։
-Ինչպէ՞ս սկսաք նկարչութեան:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Կարօտը այնպիսի զգացում մըն է, որ բոլորիս կողմէ տարբեր ձեւերով կ՚արտայայտուի։
Երբեմն վիշտ ու տխուր հայեացք կը յառաջացնէ կարօտը, որ մարդիկ կը զգան ոեւէ անձի կամ որեւէ բանի մը բացակայութեան պատճառով։
Ս. Թարգմանչաց տօնին առթիւ, շաբաթ օր, Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցան աւանդական արարողութիւններ, որոնց նախագահեց Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան։ Ներկայ էին նաեւ վեղարաւոր հայրեր եւ մեր քահանայից դասէն ներկայացուցիչներ։
Ս. Թարգմանչաց տօնին առթիւ, շաբաթ օր, Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան նախագահեց Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ արարողութիւններուն։ Նոյն օրը նորին սրբազնութիւնը այցելեց նաեւ երանաշնորհ պատրիարք Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի շիրիմը։
Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ նախագահեց Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ արարողութիւններուն։ Զանազան թաղերէ փութացած հոծ թիւով հաւատացեալներ լեցուցած էին եկեղեցին, ուր ունկնդրեցին նորին սրբազնութեան պատգամին։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան նախագահեց Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւններուն:
Պէզճեան Մայր վարժարանի ի նպաստ կազմակերպուած տարեկան սիրոյ սեղանը համախմբեց համայնքային շրջանակները: Դպրոցի սաներուն ելոյթները արժանացան ծափահարութիւններու:
Զուիցերահայութիւնը մասնակցեցաւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի մատուցած Ս. Պատարագին:
Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 50-ամեակին առթիւ երէկ ստեղծուեցաւ իսկական տօնական մթնոլորտ:
Համայնքային շրջանակները վերյիշեցին Պէյօղլուի թաղային խորհուրդի բազմամեայ ատենապետը:
Աբիկ Հայրապետեանի մահուան քառասնից լրման առթիւ հոգեհանգստեան պաշտօն Շիշլիի գերեզմանատան մէջ:
Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանի 4-րդ եւ 5-րդ դասարանի սաները երէկ այցելեցին Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին։ Սրբոց Թարգմանչաց տօնին առթիւ կազմակերպուած էր այդ ուղեւորութիւնը, որու ընթացքին աշակերտները վերահսկեցին ուսուցչական կազմէն Մուրատ Մարաշ, Պիանքա Պոյաճըօղլու եւ Այլին Թոփուզ։

Գարակէօզեան Տան խումբ մը սաներ նախընթաց օր այցելեցին Պատրիարքարան։ Վարժարանի 5-7-րդ դասարանի սաներէն բաղկացեալ այս խումբը վերահսկեցին տնօրէնուհի Արուսեակ Մոնէ եւ ուսուցիչներ։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
«Որք զարդարեցին տնօրինաբար զիմաստս Անեղին,
հաստատելով յերկրի զգիր կենդանի՝
հովուել զհօտ նոր Իսրայէլի,
երգով քաղցրութեան հնչմամբ զԱստուած օրհնեսցուք:
Թիւրքմենիստանի մայրաքաղաքը՝ Աշխապատի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ ԱՊՀ-ի անդամ պետութիւններու ղեկավարներու գագաթաժողովը։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւս մասնակցեցաւ այս գագաթաժողովին, որու ընթացքին հանդէս եկաւ ելոյթով մը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Թուրքիոյ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան չորեքշաբթի օր կը յայտարարէր Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն ուղղութեամբ ընթացք առնելիք ռազմական գործողութեան մասին։
Յայտարարութենէն ժամ մը վերջ, Թուրք զինեալ ուժերը ծանր հարուածներ կը հասցնէին մասնաւորապէս Ռեսուլայնի եւ Թել Ապեատի մէջ տեղակայուած ահաբեկչական զօրամիաւորումներու կեդրոնատեղիներուն։
Հայաստանեայց Առաքելական, Ասորի Ուղղափառ եւ Ղպտի եկեղեցիներու առաջնորդներ վերջերս հանդիպում մը ունեցան Գերմանիոյ Վորպուրկ քաղաքի Ս. Յակոբ ասորի եկեղեցւոյ վանական համալիրէն ներս։ Ամենայն Հայոց Հայրապետի, նաեւ Ասորի եւ Ղպտի եկեղեցիներու սրբազան պատրիարքներու օրհնութեամբ տեղի ունեցաւ այս հանդիպումը, որ կազմակերպուեցաւ նախաձեռնութեամբ՝ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Ս. Աթոռի մօտ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի նախաձեռնութեամբ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Եւրոպացի հայագէտներ եւ հմուտ հայ բանասէրներ ընդարձակ եւ խղճամիտ ուսումնասիրութիւններէ ետք հասած են այն եզրակացութեան թէ՝ հայ ժողովուրդը քրիստոնէութենէն առաջ առանձին գիրեր ունեցած է։ Այս ուսումնասիրութեան համաձայն այդ գիրերը հետեւեալները յայտնուած են. ա, բ, գ, դ, ե, զ, թ, լ, խ, կ, մ, յ, ն, շ, ո, պ, ս, վ, տ, ր, ց, ք. որ քսաներկու են։

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այս շաբաթավերջին կ՚այցելէ Զուիցերիա։ Հայրապետական այցելութեան օրերը Նորին Սրբութիւնը կ՚անցընէ Ժընեւի մէջ։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Հայ դպրութեան եւ հայեցի դաստիարակութեան մասին խօսիլ կը նշանակէ անպայմանօրէն անդրադառնալ հայ դպրոց-հայ լեզու-հայ ուսուցիչ երրորդութեան մասին։ Սփիւռքը այս երեքին միշտ կարիքը ունեցած է եւ ունի։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աստուածաշունչը Աստուծոյ խօսքն է եւ երբ այդ գրի առնուած է իբր «Սուրբ Աւանդութիւն» Սուրբ Հոգիին ներշնչումով, կը լուսաւորէ ճշմարտութիւնը։
Ան կը պահպանէ Յիսուս Քրիստոսէն եւ Սուրբ Հոգիէն առաքեալներուն յանձնուած Աստուծոյ խօսքը։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Սարեր, ձորեր կը սուրան չորս դիդ, երբ դուն նստած, հանրակառքի պատուհանին փարած, կը հետեւիս անոնց շղթային: Բարձրը, գաճաճը, տափարակը, կանաչը, լերկը, անտառոտը...