Արխիւ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը վերջին օրերուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Մոսկուայի Պետական համալսարանի վերատեսուչ ակադեմիկոս Վիքթոր Սատովնիչիի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը։ Իրեն կ՚ընկերանար Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի նախագահ ակադեմիկոս Ռադիկ Մարտիրոսեան։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ո՛չ մէկ մշակ, որչափ ալ հնարամիտ եւ փորձառու ըլլայ կամ աշխատասէր, ժրաջան, կրնայ հունձք արտադրել, եթէ դաշտը խոպան է եւ հողը ամուլ։ Արդարեւ, լաւ պտուղ ձեռք ձգելու համար որքան կարեւոր է որակաւոր հունտը կամ սերմը, նո՛յնքան անհրաժեշտ է հողը, դաշտը՝ որ պէտք է ըլլայ բերրի, արգասաբե՛ր։
Ժ. Չ.
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա.-ի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած Հայ մամուլի համայկական համաժողովը Անթիլիասի մէջ Հայաստանէն, Արցախէն եւ սփիւռքէն համախմբեց զանազան քաղաքական հոսանքներու պատկանող մամուլի շուրջ հարիւր գործիչներ։
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Կոմիտաս Վարդապետի եւ Յովհաննէս Թումանեանի տարեկից է Լեւոն Շանթ, անոր կեանքի ճանապարհները յաճախ զինք բերած-դրած են այդ երկու հանճարներուն ու ժամանակակից այլ մեծերու հետ սերտ յարաբերութեան ու գործակցութեան մէջ, եղած է մեր արեւելահայ եւ արեւմտահայ կեանքերն ու միտքերը կամրջող-մարմնաւորողներէն, որովհետեւ կեանքը հաւասարապէս բաժնուած է մեր ժողովուրդի երկու հատուածներուն միջեւ, դարձած է յետեղեռնեան սփիւռքը հունաւորողներէն, սակայն անոր անունը առաւելաբար կապուած է հայկական թատրոնի, վէպի եւ մանկավարժութեան հետ, ինքզինք կերտած ու դրսեւորած է իբրեւ փիլիսոփայ, իր գրականութիւնն ու կենցաղն ալ եղած են ցոլացումը իր փիլիսոփայի նկարագիրին ու խորաթափանց մտածողութեան։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Անթիլիասի Կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ հայ մամուլին նուիրուած հանդիպում-ժողովը կարեւոր առիթ մը կը դառնար զննող հայեացք մը նետել այսօրուան, մանաւանդ, գրաւոր մամուլի պարզած ընդհանուր իրավիճակին, դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ վաղուան մարտահրաւէրներուն մասին։
Կոմիտասի 150-ամեակին եւ Մանսուրեանի 80-ամեակին առթիւ բացառիկ երեկոյթ մը։
«Երեւան» պատանեկան սիմֆոնիք նուագախումբը ելոյթ մը ունեցաւ Ազգային ժողովի պարտէզին մէջ։
Երեւանի «Ոսկէ ծիրան» 16-րդ միջազգային փառատօնը այս շաբաթավերջին կը հասնի իր աւարտին:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան ընդունելութիւնով մը պատուեց արուեստագէտները:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
-Ես չեմ հաւատար, ո՞ւր կը տանիս զիս:
Ըսաւ Հայկան ընկերուհիին, սակայն հետաքրքրութիւն մը կ՚աճէր ներսը. կ՚ուզէր երթալ, տեսնել, լսածներուն իրական կամ երեւակայական ըլլալը դատել...:
Աշխարհահռչակ տնտեսագէտ Փրոֆ. Տարօն Աճէմօղլու միշտ գիտական աշխարհի օրակարգին վրայ կը մնայ իր արձանագրած փայլուն յաջողութիւններով։ Ան 1993 թուականէն ի վեր ակադեմական գործունէութիւնը կը շարունակէ Միացեալ Նահանգներու ամենահեղինակաւոր համալսարաններէն՝ Մասաչուսեցի փորձագիտական կաճառին (MIT) մէջ։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Երեւանի մօտ Իսրայէլի նորանշանակ դեսպան Էլիաւ Պելոցերքովսքին, որ վերջին օրերուն Հայաստանի ղեկավարութեան յանձնեց իր հաւատարմագիրը։ Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ երկու ժողովուրդներու պատմական առընչութիւններուն եւ ընդհանրութիւններուն, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն։
Տեղապահ Տ. Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեան շնորհաւորեց դեսպան Շարլ Ֆրին:
Ֆրանսայի ազգային տօնին առթիւ պաշտօնական հաւաքոյթ Ֆրանսական պալատին մէջ:
Երէկ, երեկոյեան ժամերուն Սուրիոյ Գամիշլի քաղաքի հայաշատ թաղամասէն ներս տեղի ունեցաւ հզօր պայթում մը։ «Գանձասար» շաբաթաթերթի հաղորդումներու հիման վրայ «tert.am» կայքէջը տեղեկացուց, որ ականներով բեռնաւորուած ինքնաշարժ մը պայթեցուած է՝ Ուղղափառ համայնքի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դիմաց։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ առկայ լարուածութիւնը կը շարունակէ անհանգստութիւն պատճառել միջազգային ընտանիքին՝ մտահոգիչ բազում դրսեւորումներով։ Ճիպրալթարի նեղուցին մէջ վերջերս Իրանի նաւթատար նաւ մը բռնագրաւուած էր Անգլիոյ նաւատորմին կողմէ։
Արմէն Սարգսեան. «Պէտք է կարողանանք մեր առաւելութիւնները օգտագործել յաջողութեան հասնելու համար»:
ՀԲԸՄ ամառնային ծրագրերուն մասնակից սփիւռքահայ երիտասարդները հիւրընկալուեցան նախագահական ապարանքէն ներս:
Անգարայի եւ Մոսկուայի իշխանութիւններուն միջեւ շփումները անընդհատ կը շարունակուին Սուրիոյ տագնապին կապակցութեամբ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, վերջին օրերուն մայրաքաղաքի մէջ բարձր մակարդակի վրայ հանդիպումներ ունեցաւ Սուրիոյ հարցով Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի յատուկ ներկայացուցիչ Ալեքսանտր Լաւրենտիեւ, որուն կ՚ընկերանար Ռուսաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Սերկէյ Վերշինին։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը վերջերս այցելած է Հիւսիսային Կիպրոսի Թուրք Հանրապետութիւն։ Անթիլիասի աղբիւրներու հաղորդումներով, այս այցելութիւնը տեղի ունեցած է յունիսի 28-ին։ Ըստ երեւոյթին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան աղբիւրները բաւական ուշ կը հրապարակեն այս ուղեւորութեան մասին։
Պաթումի 16-րդ միջազգային համաժողովը՝ ձօնուած Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան 10-ամեայ յոբելեանին եւ ձեռքբերումներու ամփոփման:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան ծանր մեղադրանքներ հասցէագրեց Թուրքիոյ՝ շրջափակման քաղաքականութեան բերումով:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ցաւալի իրողութիւն մըն է, թէ մարդկային խիղճը պատմութեան մէջ աննախընթաց անկում մը, վատասերում մը կը կրէ աշխարհի գրեթէ ամէն երկիրներու մէջ՝ մանաւանդ վերջին շրջաններուն։ Շատեր կան որ «պատիւ»ը նիւթական արժէքի մը պէս կը նկատեն, ճիշդ ինչպէս դրամը, գործը, տունը, ստացուածքը նիւթական են։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանն ենք: Շուրջ երկու ամիս հայրենիքը «վայելելէ» ետք, տէր եւ տիկին Ամերիկա կը վերադառնանք: Առաւօտ շատ կանուխ էր:
ԱՆՆԻԿ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
2005-ը սկսաւ «Հայ գիրերու գիւտին 1600-ամեակ»ի տօնակատարութեան յատուկ պատրաստութիւններով։ Անտարակոյս Հայ գիրերու գիւտը ամենէն կարեւոր իրողութիւններէն մէկն է Հայ ընկերային եւ հասարակական կեանքին։