Արխիւ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը վերջերս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Արմաւիրի թեմի կիրակնօրեայ դպրոցներու սաները։ Մանուկներէ եւ պատանիներէ բաղկացեալ այս հսկայ խումբին առաջնորդեց Արմաւիրի թեմի առաջնորդ Տ. Սիոն Արք. Ադամեան։ Կիրակնօրեայ դպրոցներու շուրջ 240 սաները ուխտի մեկնած էին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին եւ այս առթիւ ստացան Վեհափառ Հայրապետի օրհնութիւնը։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հայրապետական տնօրինութեամբ, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ռումանիոյ թեմի առաջնորդ Տ. Տաթեւ Եպսկ. Յակոբեան նշանակուեցաւ Պուլկարիոյ հայոց թեմի առաջնորդական տեղապահ։
Իրանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ առկայ լարուածութիւնը կը շարունակէ մտահոգութիւն պատճառել միջազգային հանրութեան։ Երէկ, Իրանի զօրքերը թիրախ դարձուցին ամերիկեան անօդաչու սարք մը։ Իրան տեղեկացուց, որ այդ ամերիկեան անօդաչուն խախտած էր իր օդային մարզը։
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ ուղիղ եթերով պատասխանեց ժողովուրդի կողմէ ուղղուած հարցումներուն։ 4 ժամ 20 վայրկեան տեւեց այս ուղիղ եթերը, որու ընթացքին ռուս ղեկավարը անդրադարձաւ նաեւ Սուրիոյ տագնապին։
Անցեալ ամիս տեղի ունեցած Եւրոխորհրդարանի ընտրութիւններու արդիւնքներու լոյսին տակ՝ ներկայիս աշխատանքներ կը տարուին ճշդելու համար այն անունները, որոնք յառաջիկայ հինգ տարուայ ժամանակաշրջանին պիտի ղեկավարեն Եւրոմիութեան հաստատութիւնները։ ԵՄ-ի անդամ երկիրներու ղեկավարները այս փուլին կը դիմագրաւեն զանազան տարակարծութիւններ եւ տակաւին վերջնական համաձայնութեան մը չեն կրցած հասնիլ վերոյիշեալ անուններու պարագային։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան այսօր կը հիւրընկալէ Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավարութեան ղեկավար Նեչիրվան Պարզանին, որ կ՚այցելէ Անգարա։
Հայաստանի կառավարութեան կազմէն ներս երէկ տեղի ունեցաւ համալրում։ Այսպէս, Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրամանագրով Հայաստանի արդարադատութեան նախարար նշանակուեցաւ Ռուստամ Բադասեան։
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Հոգաբարձուներու խորհուրդի 28-րդ ժողովը՝ Երեւանի մէջ:
Նախագահ Արմէն Սարգսեան կը նախատեսէ հայապահպանութիւնը դարձնել ռազմավարական նպատակ մը:
Ամերիկահայ անուանի բժիշկ, ֆիզիքի մասնագէտ ու գիւտարար Ռէյմընտ Տամատեան վերջին օրերուն այցելեց Երեւան։ Ան բժշկական MR-ի (նիւքլէէր մանիէթիք ռեզոնանս) սարքի գիւտարարն է։
Կը տեղեկանանք, որ «Արաս» հրատարակչութիւնը վերջերս լոյս ընծայած է Ուիլիըմ Սարոյեանի երկու գործերու թրքերէն թարգմանութեան։ «Yüreğim Dağlardadır» եւ «En Güzel Günlerin» կը կոչուին այս երկու գործերը։
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները այսօր կը տեսակցին ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու միջնորդութեամբ:
Ճոն Պոլթընի խօսքով՝ Միացեալ Նահանգներու ղեկավարութիւնը պատրաստ է աջակցիլ տարածքաշրջանէ ներս խաղաղութեան յառաջխաղացման:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը վերջերս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն խումբ մը ուխտաւորներ։ Վեհափառ Հայրապետը ամերիկահայ ուխտաւորներուն հետ մէկտեղուեցաւ «Գարեգին Ա.» կրթական կեդրոնի երդիքին տակ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սուրբ Գիրքը, իբր բացում, կը սկսի մարդուն եւ կնոջ ստեղծումով (ԾՆՆԴ. Ա 26-27) ըստ Աստուծոյ պատկերին եւ նմանութեան, եւ կը վերջանայ «Գառնուկին հարսանիքին» (ՅԱՅՏ. ԺԹ 7 եւ 9) տեսիլքով։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Ի՞նչ է Սուրբ Պատարագը: Որո՞նք են անոր ամենէն կարեւոր մասերը։
Պատասխան. Պատարագ բառը կը նշանակէ նուէր, ընծայ, զոհ։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Պէյրութի մէջ վերջերս լոյս տեսած է «Հայ իրականութիւնը Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեանի գրիչէն» գիրքը, որ կազմած է լիբանանահայ երիտասարդ պատմաբան Պետրոս Թորոսեան:
Գիրքը թերթելով կը ծանօթանանք սփիւռքահայ հեղինակաւոր ազգային-հասարակական գործիչի կեանքի հետաքրքրական մանրամասնութիւններուն:
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախընթաց օր Գումգաբուի մէջ ընդունեց Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եդուարդ Այվազեանն ու իր գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Շահէն Քահանայ Օհանեան։
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը երէկ երեկոյեան հանդիսաւոր արարողութիւնով մը հրաժեշտ տուաւ Մէրամէթճեան վարժարանի 2018-2019 կրթական շրջանի հունձքին։ Շրջանաւարտներուն ի պատիւ դպրոցի պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր երեկոյթ մը։
Ստեփանակերտի «Նելսոն Ստեփանեան» պուրակին մէջ, նախընթաց օր կազմակերպուեցաւ հովանոցներու փառատօն:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, որ աշխատանքային այցելութեամբ կը գտնուի Ֆրանսայի մէջ, երէկ, այցելեց Փարիզի միջազգային օդագնացութեան ցուցահանդէսը, որ կը կազմակերպուի Լը Պուրժէի մէջ։
«Արամ Խաչատուրեան» 15-րդ միջազգային մրցոյթը եզրափակուեցաւ Երեւանի մէջ:
Հայաստանի Պետական սիմֆոնիք նուագախումբի ելոյթին հետեւեցաւ Սարգսեան ամոլը: