Արխիւ
Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը երէկ Անթիլիասի մէջ հիւրընկալեց Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի նախագահ վերապատուելի Փոլ Հայտոսթեանը եւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու խորհուրդի նախագահ վերապատուելի Մկրտիչ Գարակէօզեանը։
Փաշինեան Ալիեւի ելոյթը կը համարէ՝ քաղաքացիական բնակչութիւնը բացայայտօրէն ահաբեկելու ուղղեալ քայլ:
Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալեց Իկոր Խովաեւը: Ըստ Արմէն Գրիգորեանի, հնարաւոր չէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիր կնքել՝ առանց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի յստակեցման:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Քիչ չէր թիւը այն վերլուծաբաններուն, որոնք կարծիք յայտնած էին, թէ անցեալ շաբթուան սկիզբին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցած եւ որպէս միջանկեալ ընդունուած ընտրութիւնները բոլորովին նոր վիճակ մը պիտի ստեղծեն երկրի ներքին քաղաքական խորապատկերին վրայ։
Երգիծանքը կ՚երեւի ամենադժուար ոլորտներէն մին է։ Բարդ է, որովհետեւ խորք չունենալու պարագային ամբողջութեամբ կրնայ ձախողիլ։ Անշուշտ, խորքայնութեան պարագան յարաբերական է, անձէ անձ կը փոխուի. սա արդէն տարբեր հարց։
Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ այս շրջանին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ կը գտնուի, շաբաթավերջին, Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս հանդիսապետեց Նիւ Ճըրզիի Ս. Ղեւոնդեանց եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ արարողութիւններուն։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց՝ շաբաթավերջին Մասիացոտնի թեմի առաջնորդանիստ Ս. Յովհաննէս Աւետարանիչ եկեղեցւոյ մէջ եւ Ստեփանակերտի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ ձեռնադրութեան արժանացած նորաօծ քահանաները։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին Պէյօղլուի մէջ պատահած ահաւոր պայթումին կապակցութեամբ երէկ ցաւակցականներ ուղարկեց պետական աւագանիի յառաջատար դէմքերուն։
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Քարիւղի յայտնաբերումը երկար պատմութիւն մը չունի։ Ան անցեալ դարու սկիզբներէն ի վեր սկսաւ կամաց-կամաց փոխել միջազգային տնտեսութեան կառուցուածքը. հասնելով մեր թուականներու ամենաբարձր այսպէս կոչուած՝ քարիւղային վիճակին, ինչ որ կրնանք բնութագրել երկու դրսեւորումներով՝
1. Քարիւղի տնօրինում՝ իր բոլոր փուլերով. պեղել-գտնել, հանել-մշակել, ապա արտահանել ու վաճառել:
Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Յիսուս ըսաւ. «Ինչ որ Հօրմէս խնդրէք Իմ անունովս՝ պիտի տրուի ձեզի» (Յհ 16.23): Ինչո՞ւ Իր անունը կը շեշտէ, միջնորդի պէտք ունի՞նք:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւանի Պետական համալսարանի՝ գլխաւոր մասնաշէնքի նախասրահին մէջ դրուեցաւ հայ մեծ պատմաբան, հայագէտ, բառարանագէտ, գիտութեան վաստակաւոր գործիչ Երուանդ Տէր-Մինասեանի կիսանդրին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ի հեճուկս ուրիշի մը վնասուած ըլլալուն՝ մէկու մը տիրացած արժէքները եւ այդ մէկուն ուրիշի մը առանց վնաս պատճառելու տիրացած արժէքները զանազանել՝ ազատութեան եզրին ամենէն կարեւոր հարցն է»։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Այնպէս ինչպէս այսօր, նոյնպէս անցեալին ընկերութիւնները մի՛շտ մերժած ու օտարած են բոլո՛ր այն անձերը, որոնք ուզած են սեռափոխուիլ եւ կամ յատուկ հետաքրքրութիւն ու սէր ունեցած են նոյն սեռին նկատմամբ:
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ բախումները կը շարունակուին։ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները երէկ հերթական անգամ խախտեցին հրադադարը։
Երեւանի ղեկավարութիւնն ալ անմիջապէս արձագանգեց Պէյօղլուի մէջ երէկ պատահած պայթումին։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այս կապակցութեամբ գրառումով մը հանդէս եկաւ ընկերային ցանցերուն վրայ՝ վշտակցութիւն յայտնելով զոհուածներուն համար։
Իսթիքլալ պողոտային վրայ երէկ տեղի ունեցաւ ահաւոր պայթում մը, որ խլեց 6 մարդու կեանք, կայ 81 վիրաւոր:
Ռումբը թողած անձը արդէն հսկողութեան տակ: Նախագահ Էրտողան վճռակամ ազդարարութիւններով յայտարարեց, որ դէպքը պիտի բացայայտուի:
Պէյօղլուի ցնցիչ իրադարձութեան բերումով համայն աշխարհ կը զօրակցի Թուրքիոյ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի գծով:
Համայնքային շրջանակներուն ուշադրութիւնը երէկ կեդրոնացած էր Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ վրայ, որու համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ Կեդրոնական վարժարանին ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը։
Կեդրոնական վարժարանին ի նպաստ կազմակերպուած տարեկան հանգանակութեան առթիւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը դարձեալ անդրադարձաւ համայնքային ընտրութիւններուն:
«Թեկնածուները պիտի ճանչնանք։ Կարգ մը վարիչներ պիտի երթան, ոմանք ալ պիտի մնան։ Դուք գիտէ՞ք, թէ մեր հաստատութիւնները քանի կալուած ունին։ Ես ալ չեմ գիտեր։ Այստեղ տարօրինակութիւն մը չկա՞յ»:
Նորին Ամենապատուութիւնը հայրաբար կոչ ուղղեց, որպէսզի ընտանիքները հայկական վարժարան առաջնորդեն իրենց դպրոցահասակ զաւակները. «Մեր դպրոցները լաւ են»:
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, երէկ, Հայաստանի Արտաշատ քաղաքին մէջ, Մասիացոտնի թեմի առաջնորդանիստ Ս. Յովհաննէս Աւետարանիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ քահանայական ձեռնադրութիւն։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ո՛չ յօդուածներու տեսքով, ո՛չ ալ ռազմական օժանդակութեան ձեւաչափով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն սպասումները ունին այն ներուժը, որուն վրայ հիմնուելով հայ ժողովուրդը փրկութեան լաստ մը պիտի ունենայ։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Վերջերս «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական բաժանմունքը հրատարակեց Արմենակ Եղիայեանի «Արեւմտահայերէնի ուղղագրական, ուղղախօսական, ոճաբանական ուղեցոյց»ը՝ թուային եւ բաց ձեւաչափով։