Արխիւ
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նորանշական պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի միջեւ նախատեսուած առաջին հեռախօսազրոյցը տեղի պիտի ունենայ մօտաւոր ապագային։
Կարսի մէջ կազմակերպուած «Ձմեռ 2021» լայնածաւալ զօրավարժութիւնները հասան իրենց աւարտին:
Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարները ներկայ եղան համատեղ ռազմափորձերու եզրափակիչ փուլին:
Այս շաբաթավերջին քանի մը ազգային եւ եկեղեցական տօներ իրար կը յաջորդեն. այսպէս՝ Տեառնընդառաջ, Բուն Բարեկենդան եւ երկուշաբթի, փետրուարի 15-ին Մեծ պահք։
Տեառնընդառաջի տօնը Տիրոջ ընդառաջ երթալու հրաւէր մըն է բոլորին։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ նշեց Սրբոց Վարդանանց տօնը։ Ս. Վարդանանց զօրավարներու եւ 1036 վկաներու յիշատակը ոգեկոչուեցաւ աւանդական շուքով։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ արարողութիւններուն նախագահեց Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Կը պակսի ազնուութիւնը: Մարդիկ դադրած եմ իրարու հանդէպ ազնիւ ըլլալէ: Նախապատուութիւնը տուած են շողոքորթութեան ու քծնանքի: Մինչդեռ բոլորը կը շարունակեն խօսիլ անկեղծութենէ եւ դիմացինէն կը պահանջեն զայն:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Այսօր ՄԱԿ-ի հովանաւորութեան տակ կը նշուի որպէս Գիտութեան մէջ կիներու եւ աղջիկներու միջազգային օրը: Օրը տօնի կը վերածեն՝ մեծարելով գիտութեան նուիրուած կիներն ու աղջիկները:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ինչպէ՞ս սուտ խօսքերը միահունչ կը դարձնեն, եթէ պատրաստուած չեն այդ բանին: Ամբողջական սուտ խօսակցութիւն մը կը հնարեն ու կը համոզեն քեզ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Պարսիկներու Յազկերտ Բ. թագաւորը իր բովանդակ թագաւորութեան ժամանակ այն քաղաքականութեան կը հետեւէր, թէ իր տէրութեան ապահովութեան համար անհրաժեշտ է հպատակ ազգերը ձուլել պարսիկներու հետ, եւ այն՝ կրօնական հիմքերով։
Եւրոմիութիւնը երէկ ծանուցեց, որ Հայաստանի հետ ստորագրուած Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրի վաւերացման գործընթացը հասած է իր աւարտին։ Այսպէսով, Եւրոմիութիւն-Հայաստան Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը ուժի մէջ պիտի մտնէ 1 մարտ 2021 թուականի դրութեամբ։
Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ «Հայերն այսօր» լրատուական կայքէջի նոր տարբերակի շնորհանդէսը։ Աւելի քան տասն տարիէ ի վեր այս անուանումով սփիւռքին ուղղեալ լրատուութիւն կը կազմակերպուի Երեւանէն։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Ճօ Պայտըն հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Չինաստանի նախագահ Սի Ծինփինի հետ։ Պայտըն պաշտօնի կոչուելէ վերջ այսպէսով առաջին անգամ շփուեցաւ իր չինացի պաշտօնակցին հետ։
Հայաստանի մէջ քաղաքական տագնապը կը շարունակէ մնալ առկայ՝ յետպատերազմեան ծանր իրավիճակի պայմաններուն ներքեւ։ «Հայրենիքի փրկութեան շարժում» ընդդիմադիր խմբաւորումն ալ յարատեւ բողոքի ցոյցերով հանդէս կու գայ՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով, ինչ որ երկրէն ներս համատարած ակնկալութեան վերածուած է։
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Վաղարշակ Յարութիւնեան երէկ ընդունեց Լեռնային Ղարաբաղի ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատար զօրավար Ռուստամ Մուրատովը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Վաղարշակ Յարութիւնեան շնորհակալութիւն յայտնեց գերիներու փոխանակման գործընթացէն ներս Ռուստամ Մուրատովի ստանձնած աշխոյժ դերակատարութեան համար։
Թուրքիա-Ատրպէյճան՝ Հայաստանի սահմանին վրայ կազմակերպուած ռազմափորձերը կ՚աւարտին:
Զօրավարժութիւններու եզրափակիչ փուլին կը մասնակցի նաեւ Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով:
Արա Այվազեան. «Թուրքիա այլեւս որեւէ պատճառ չունի Հայաստանի հետ սահմանը փակ պահելու համար»:
Երեւանէն առաջին անգամ դրական տեսակէտ մը հնչեց՝ Անգարայի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման շուրջ:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին այսօր կը նշէ Սրբոց Վարդանանց տօնը։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այս առթիւ հանդէս եկաւ պատգամով մը։
Պատրիարքական Աթոռը 10 փետրուար 2021, չորեքշաբթի, վերահասու դարձաւ, թէ Ս. Ղեւոնդեանց Քահանայից տօնի առթիւ Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ պատարագիչ՝ Տ. Կորիւն Ա. Քհնյ. Ֆէնէրճեան ազդուած է քորոնա համավարակէն եւ ներկայիս առտնին դարմանման տակ կը գտնուի։
Ռուսաստան, Չինաստան եւ Իրան ներկայ ամսուայ կէսերուն կը պատրաստուին համատեղ ռազմածովային զօրավարժութիւններ իրականացնել Հնդկական ովկիանոսի հիւսիսային մասին մէջ։ «Ծովային անվտանգութեան գօտի» անուան ներքեւ տեղի կ՚ունենան այս զօրավարժութիւնները, որոնց ընթացքին կը ծրագրուի համագործակցութիւն մշակել որոնողափրկարարական գործողութիւններու, նաւագնացութեան անվտանգութեան ապահովման միջոցառումներու իրականացման ուղղութեամբ։
Վրաստանի փոխ-վարչապետ ու Արտաքին գործոց նախարար Տաւիտ Զալքալիանի կը պատրաստուի այցելել Թուրքիա։ Թէեւ տակաւին վերջնական թուական մը չէ հրապարակուած, սակայն վրացական դիւանագիտական աղբիւրները արդէն տեղեկացուցած են այս մօտալուտ այցելութեան մասին։
Հայաստանի Բարձր փորձագիտութիւններու եւ արդիւնաբերութեան նախարար Յակոբ Արշակեան յայտարարեց, որ հայկական արտադրութեան հարուածային անօդաչու թռչող սարքերը արդէն կ՚անցնին պետական փորձարկումներէ, որոնց յաջող աւարտէն վերջ պիտի սկսի անոնց արտադրութիւնը։ Հարկ է նշել, որ Յակոբ Արշակեանի մականին ներքեւ կը գործէ նաեւ Հայաստանի Ռազմաարդիւնաբերութեան պետական կոմիտէն։