ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՀԱՂՈՐԴՈՒԹԻՒՆ
Կաթողիկէ հայոց նորընտիր կաթողիկոս-պատրիարքը երէկ հիւրընկալուեցաւ Սրբազան Պապին կողմէ:
Վաւերագրին մէջ յատուկ անդրադարձ կատարուած է Մխիթարեան միաբանութեան եւ Անարատ Յղութեան քոյրերուն:
Կաթողիկէ հայոց նորընտիր կաթողիկոս-պատրիարքը երէկ հիւրընկալուեցաւ Սրբազան Պապին կողմէ:
Վաւերագրին մէջ յատուկ անդրադարձ կատարուած է Մխիթարեան միաբանութեան եւ Անարատ Յղութեան քոյրերուն:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը նախընթաց օր Պիքֆայայի վանքին մէջ հիւրընկալեց Լիբանանի նորակազմ անդամներէն Ճորճ Պուչիքեանը։ Այս վերջինը կոչուած է արդիւնաբերութեան նախարարի պաշտօնին եւ կառավարութենէն ներս կը ներկայացնէ հայ համայնքը։
Մինասեան Գերապայծառ գահ կը բարձրանայ՝ որպէս Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս-պատրիարք:
Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Սուրբ Սինոդը երէկ Հռոմի Լեւոնեան վարժարանին մէջ յանգեցաւ վերջնական որոշման:
Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Սուրբ Սինոդի անդամները Հռոմի մէջ համախմբուած են ի կատար ածելու համար նոր կաթողիկոս-պատրիարքի ընտրութեան գործընթացը:
Միրիաթեան Գերապայծառին կողմէ մատուցուած Ս. Պատարագի ընթացքին Վատիկանի Արեւելեան եկեղեցիներու քահանայապետական խորհուրդի նախագահ Կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրի ժողովական եպիսկոպոսներուն փոխանցեց Սրբազան Պապի ողջոյնները: Նստաշրջանը տեղի կ՚ունենայ Լեւոնեան վարժարանի համալիրէն ներս: Երէկուան խոկումի օրը եզրափակուեցաւ սեղանատան ընթրիքով:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Հայաստանի Անկախութեան տօնին առթիւ հրապարակեց հետեւեալ պատգամը։ Մինչ այդ, Վեհափառ Հայրապետի նախագահութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ այս առաւօտ տեղի ունեցաւ նաեւ Հանրապետական մաղթանք՝ Ս. Գայիանէի պատմական վանքի սրբազան կամարներուն ներքեւ, ուր Նորին Սրբութիւնը ծնրադիր աղօթեց հայոց պետականութեան անսասանութեան համար։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին հիւրընկալեց Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանը։ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպումը, որուն ներկայ էր նաեւ ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի մասնաճիւղի ատենապետ Ժերար Թիւֆէնքճեան։
Տ. ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Հայ մամուլի պատմութեան մէջ ինքնուրոյն տեղ մը ունի Արմաշու պատմական Չարխափան Ս. Աստուածածին վանքը իր տպարանով, գրատպութեամբ եւ մանաւանդ վանքի պաշտօնաթերթ՝ «Յոյս» պարբերականով։
Երանաշնորհ Խորէն Պատրիարք Աշըքեան, նախքան Պոլսոյ պատրիարք ընտրուիլը, 4 դեկտեմբեր 1872-ին, տակաւին վարդապետ, կոչուած էր Արմաշու վանքի վանահայրութեան պաշտօնին։
Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ կազմակերպուած «Միջազգային կրօնական ազատութիւն եւ խաղաղութիւն» համաժողովի լոյսին տակ հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը:
«Հայ ժողովուրդի եւ համայնքներուն համար պէտք է երաշխաւորուին այն նոյն իրաւունքները, որոնք միջազգային իրաւունքի եւ բարոյական պատասխանատուութեան ուժով վերապահուած են բոլորին»:
Առաջնորդանիստ Ս. Ղեւոնդեանց Մայր տաճարի օծման 10-ամեակին առթիւ կրօնական եւ աշխարհիկ փայլուն արարողութիւններ:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմը արտակարգ ոգեւորութեամբ նշեց այս տարուան Խաչվերացը:
Երէկ, Խաչվերացի տօնին առթիւ, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց տաղաւարի արարողութիւններուն, Ս. Պատարագ մատոյց եւ քարոզեց։ Նորին սրբազնութեան առընթերակայ էր տեղւոյն հոգեւոր հովիւը՝ Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան, որ այլ սարկաւագներու եւ դպիրներու հետ սպասարկեց Ս. Սեղանին։