ԿՈՒՏԻՆԱՅԷՆ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ ՈՒ… ՀԱՅԱՍՏԱՆ
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» սրահին մէջ բացուած է բացառիկ ցուցահանդէս մը. երեք ամսուան ցուցահանդէսի համար Երուսաղէմէն Հայաստան բերուած են Երուսաղէմի նշանաւոր Պալեան ընտանիքի աւանդական գործին նմոյշները՝ սպասք, կենցաղային իրեր, սալիկներ եւ զարդանախշուած այլ իրեր, ընդհանուր առմամբ՝ հարիւր ցուցանմոյշ: