«Կ՚ՈՒԶԵՍ, Կ՚ՈՒԶԵՍ, ՇԱՏ ԲԱՆ Կ՚ՈՒԶԵՍ». ՈՒԻԼԻԸՄ ՍԱՐՈՅԵԱՆԻ ՓԱՓԱՔՆԵՐԸ
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Քառասուն տարի առաջ՝ 1982-ի մայիսեան այս օրերուն, ամերիկահայ գրող Ուիլիըմ Սարոյեանի (մահացած 1981-ին) աճիւնին մէկ մասը ԱՄՆ-էն բերուեցաւ Հայաստան եւ յունիս մէկին ամփոփուեցաւ Կոմիտասի անուան հայ մեծերու պանթէոնին մէջ: Այդ մէկը եղած էր Սարոյեանի փափաքներէն, կտակին մէջ գրուած: