ՏԵՂԱՊԱՀ Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ ԱՐՔ. ՊԵՔՃԵԱՆ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԸ ԱՆՑՈՒՑ ՍՈՒՐԲ ՓՐԿԻՉ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻ ՄԷՋ
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան շաաթավերջը անցուց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ։ Նորին սրբազնութեան դարմանումը շարունակուեցաւ՝ որպէսզի ան կարենայ յաղթահարել սաստիկ պաղառութեան հետեւանքները։
Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս երէկուան կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւնները փայլուն անցան:
Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ դպրաց դասու հիմնադրութեան 315-րդ եւ Սահակեան երգչախումբի կազմութեան 80-րդ կրկնակ տարեդարձներուն առթիւ յատուկ ձեռնարկ մը:
Թուրքիոյ կաթողիկէ հայոց արքեպիսկոպոսարանին կողմէ կազմակերպուած մշակութային ձեռնարկներու ծիրէն ներս:
Շիշլի մարզակումբի նախաձեռնութեամբ շաբաթավերջին «Րամատա» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ տօնավաճառ մը։ Ամանորի սեմին կազմակերպուած այս ձեռնարկը անցաւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։
Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Մարմնամարզի ու երիտասարդութեան նախարար Օսման Աշքըն Պաքի հետ։ Թեքպըչաք եւ իր ընկերները նախարարին կողմէ հիւրընկալւեցան Աթագիւղի Ողիմպիական տան երդիքին տակ։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան վերջին օրերուն դարմանման տակ կը գտնուի Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ։ Գումգաբուի աղբիւրները հաղորդեցին, որ նորին սրբազնութիւնը կը տառապի պաղառութենէ։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանի կամաւոր հոգաբարձու Դալար-Արթօ Հորոզօղլու ամոլը եւ տնօրէնուհի Հերիքնազ Աւագեանը։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին անոնք մեզի տեղեկութիւններ փոխանցեցին դպրոցի ծաւալած գործունէութեան եւ դիմագրաւած դժուարութիւններուն շուրջ։
Գատըգիւղէն խումբ մը հաւատացեալներ նախընթաց օր ուխտագնացութիւն մը կատարեցին դէպի Իզնիք (Նիկիա)։ Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ քարոզիչ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան եւ հոգեւոր հովիւ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան առաջնորդեցին ուխտաւորներու խումբը։