ՏԵՂԱՊԱՀ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՂԱԼԱԹԻՈՅ ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան վերջին օրերուն Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ եւ Կեդրոնական վարժարանի խնամակալութեան ատենապետ Յարութիւն Էպէօղլուն եւ իր ընկերները։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան Նոր տարուայ առաջին օրերուն ընդունեց Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթի ներկայացուցիչները։ Այսպէս, նորին սրբազնութեան ներկայացան միութեան վարչութեան ատենապետուհի Մարիամ Տրամէրեան, գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքան եւ համակիրներէն Տայք Միրիճանեան։
Զի ի նմա հաճեցաւ ամենայն լրումն
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ծաւալուն յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ ընկերային ցանցերու վրայ:
Երէկ, Գումգաբուի «Պէզճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ համայնքային վարժարաններու աշակերտներուն ուղղեալ, Պատրիարքարանի հովանաւորութեամբ կազմակերպուած տարեմուտի աւանդական խրախճանքը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն։
Պաքըրգիւղի ընտանիքը 2018 թուականը դիմաւորեց Տատեան վարժարանին մէջ կազմակերպուած Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան խրախճանքով։ Ամբողջ դպրոցը յարդարուած էր Կաղանդի բնորոշ ձեւով։ Դպրոցի մուտքին զետեղուած մեծ տօնածառը արդէն ազդանշան մը կու տար ներսի տրամադրութեան մասին։
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանին մէջ 2018 թուականը դիմաւորուեցաւ մեծ խանդավառութեամբ։ Ամանորեայ գեղեցիկ ու անաղարտ հէքեաթը իւրովի երանգ մը ստացաւ դպրոցի յարկէն ներս։ Տնօրէնուհի Հերիքնազ Աւագեան հանդէս եկաւ շնորհաւորութեան խօսքով մը։
Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան Ս. Ծննդեան տօնակատարութիւններէն անմիջապէս վերջ պիտի մեկնի Քէօլն: