ԹՐՔԱՀԱՅ ՈՒՍՈՒՑՉԱՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ Ս. ՅԱԿՈԲ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑ
Թրքահայ ուսուցչաց միութեան նորընտիր վարչութեան անդամները նախընթաց օր հանդիպում մը ունեցան Սուրբ Յակոբ հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պեռնար Սարըպայի եւ իր ընկերներուն հետ։ Միութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, որ հանդիպման ընթացքին շօշափուեցան մեր կրթական մշակներուն մատուցուելիք առողջապահութեան ծառայութիւններուն վերաբերեալ զանազան նիւթեր։
Կը տեղականանք, որ վերջերս գումարուեցաւ Թրքահայ ուսուցչաց միութեան ընդհանուր ժողովը։ Համագումարի արդիւնքին պաշտօնի գլուխ եկաւ նոր վարչութիւն մը, որու կազմին մէջ են հետեւեալ անունները.
Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ փառաշուք յուղարկաւորութիւն՝ խոր սուգի մթնոլորտով:
Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան լիսէի ծնողաց միութիւնը վերջերս կազմակերպեց նախաճաշի հաւաքոյթ մը։ Եշիլեուրտի «Մանզարա» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ այս հաւաքոյթը, որուն մասնակցեցան դպրոցի աշակերտներու ծնողները։
Չիւնկիւշի Ս. Կարապետ հայկական եկեղեցւոյ վերակառուցման համար պատրաստուած է նախագիծ մը:
Գալֆաեան Տան տնօրէնուհի Թամար Ներկիսի կողմէ նախընթաց օր ստացանք շնորհակալութեան նամակ մը։ Թերթիս գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանին հասցէագրուած այս նամակը ունի շնորհակալագրի մը բնոյթը։
Մեծանուն լեզուաբան Հրաչեայ Աճառեանի անուանակից թոռը՝ Հրաչեայ Վիլլերի Աճառեան, որ վերջին օրերուն Սամաթիոյ ընտանիքի հրաւէրով այցելած էր քաղաքս, երէկ գիշեր վերադարձաւ Երեւան։ Ինչպէս հաղորդած էինք, Հրաչեայ Վիլլերի Աճառեան Սամաթիոյ մէջ մասնակցեցաւ Սահակեան-Նունեան լիսէի հաստատման 50-ամեայ յոբելեանին ձօնուած ձեռնարկներու շարքի եզրափակիչ փուլին։
Հայ կաթողիկէ հասարակութեան վարժարաններու սաները վերջին օրերուն այցելեցին մայրաքաղաք:
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ երէկ իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքային շրջանակներու շատ սիրուած ու յարգուած բարերարներէն մին՝ Անդրանիկ Բարունակեան։ Ան հազիւ 65 տարեկանին աչքերը փակած է կեանքին եւ յետ երկարատեւ հիւանդութեան՝ անժամանակ ձեւով հրաժեշտ առած իր սիրելիներէն։
Համայնքային շրջանակները երէկ հերթական անգամ համախմբուեցան Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրին մէջ՝ այս անգամ զօրակցելու համար Կեդրոնական վարժարանին։