ՈՂԲԱՑԵԱԼ ՄԱՐԻԱՄ ԳԱԼԱՅՃԸԻ ՓԱՌԱՇՈՒՔ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Երէկ յետմիջօրէին, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ Մարիամ Գալայճըի փառաշուք յուղարկաւորութիւնը։ Ինչպէս ծանօթ է, մեր համայնքի երէց սերունդի համակրելի դէմքերէն Մարիամ Գալայճը նախընթաց օր Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ կնքած էր մահկանացուն եւ իր կորուստը խոր ցաւ յառաջացուցած էր համայնքային շրջանակներէ ներս։
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ երեկոյեան մասնակցեցաւ Ռումանիոյ ազգային տօնին առթիւ քաղաքիս մէջ սարքուած պաշտօնական ընդունելութեան։ Իսթանպուլի մօտ Ռումանիոյ աւագ հիւպատոս Սիամպա Ատրիանայի տանտիրութեամբ՝ այս ընդունելութիւնը տեղի ունեցաւ «Քոնրատ» պանդոկին մէջ։
Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ, շաբաթավերջին Ս. Պատարագի մատուցմամբ կատարուած հոգեհանգստեան պաշտօնով յիշատակուեցան ազգային բարեյիշատակ ու անմոռանալի բարերարներ՝ Աբիկ եւ Մաթուս Ունճեան հարազատները։ Արարողութեանց հանդիսապետեց, Ս. Պատարագը մատոյց եւ աւուր պատշաճի քարոզեց եկեղեցւոյ քարոզիչ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։
Համայնքային վաքըֆներու հարթակը (VADİP) երէկ երեկոյեան Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ գումարեց 2017-2018 շրջանի իր առաջին ժողովը:
VADİP-ի երէկուան ժողովին ընթացքին Պետրոս Շիրինօղլու տեղեկացուց, որ Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան նամակով մը դիմած է Իսթանպուլի կուսակալ Վասիփ Շահինին՝ պահանջելով ժամադրութիւն։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ հիւրընկալեց Իսթանպուլի մօտ Զուիցերիոյ աւագ հիւպատոս Նաթալի Մարթինը։ Իր առաքելութեան նոր ձեռնարկած աւագ հիւպատոսը փափաքած էր քաղաքավարական այցելութեան փութալ Պատրիարքարան եւ տեղեկութիւններ ստանալ՝ Աթոռի գործունէութեան ու մեր համայնքային կեանքի մասին։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին ի նպաստ տարեկան աւանդական սիրոյ սեղանը երէկ տեղի ունեցաւ Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ։ Շաբաթավերջին նշուեցաւ նաեւ թաղի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնը։
Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց աւագերէց Տ. Միւռոն Ա. Քհնյ. Այվազեան ներկայիս Պատրիարքական Աթոռոյ քահանայից դասուն երիցագոյն անդամն է։ Իր ձեռնադրութեան քառասնամեակի սեմին, Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան յարմար նկատեց տէր հօր վաստակը գնահատել օրհնութեան գիրով մը։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան նախընաց օր հիւրընկալեց Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանի պատասխանատուները։ Այսպէս, նորին սրբազնութիւնը մէկտեղուեցաւ դպրոցի գլխաւոր բարերար Արթօ եւ Դալար Հորոզօղլու ամոլին, տնօրէնուհի Հերիքնազ Աւագեանին եւ երկու աշակերտներու հետ։