ՊԱՂԱՐԻՒՆՈՒԹԻ՜ՒՆ
Կրօնական ժողովի երէկուան նիստի արդիւնքով Պատրիարքական Աթոռէն ներս վերահաստատուեցաւ օրինական դրութիւն մը, որու շնորհիւ հասարակաց յայտարարի մը վրայ բերուեցան պաշտօնական ընթացակարգերով պայմանաւորուած պետութեան ակնկալութիւններն ու մեր եկեղեցական կարգ ու կանոնաց տեսակէտէ անհրաժեշտ նուազագոյն բոլոր տարրերը: Գումգաբուի կողմէ անմիջապէս իրազեկուեցան պատկան իշխանութիւններն ու Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը:
Ճգնաժամը յաղթահարուեցաւ:
Երկար սպասումէ վերջ բանիմացութեան յաղթանակ:
Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան ամիսներ անց դարձեալ ստանձնեց Պատրիարքարանի ղեկը՝ ընդհանուր փոխանորդի հանգամանքով, մինչեւ նոր ընտրութիւն:
Իսթանպուլի Կուսակալութենէն 05 Փետրուար 2018 թուականին Պատրիարքարանիս հասած պաշտօնական նամակով հաղորդուած էր Ներքին Գործոց Նախարարութենէն հասած պաշտօնագրի պարունակութիւնը։
Թրքահայ ուսուցչաց միութեան նորընտիր վարչութիւնը նախընթաց օր քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց, ուր հիւրընկալուեցաւ Հոգեբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի կողմէ։ Միութեան նորընտիր վարչութեան ներկայացուցիչները երախտագիտութիւն յայտնեցին Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի կողմէ ցայսօր մեր կրթական մշակներուն ի նպաստ ցուցաբերուած զօրակցութեան համար։
Սիրեցեալ աւագ եղբայր, հասաւ այն պահը որուն մասին ամէն առթիւ նուաստիս կ՚ըսէիր. «Եթէ ես վախճանիմ, իմ դամբանականս քեզմէ զատ խօսելիք մէկը չկայ»։ Բնականաբար այս խօսքը կ՚ըսէիր շեշտելու համար մեր ռւնեցած վաղեմի բարեկամութիւնը, յատկապէս Գումգաբուի շրջանակին մէջ, դուն որպէս աւագերէցը Մայր եկեղեցւոյ եւ ես համեստ ծառայողը Պատրիարքական Աթոռին։
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ խորհրդակցութիւն մը ունեցան Ս. Փ. Ազգային հիւանդանոցի մէջ, Պետրոս Շիրինօղլուի մասնակցութեամբ:
Պատրիարքական Աթոռի շուրջ ստեղծուած առկայ բարդ կացութեան պայմաններուն ներքեւ այս առաւօտ Գումգաբուի մէջ տեղի ունեցաւ Կրօնական ժողովի անդամներուն հաւաքը։ Պաշտօնական նիստէ մը աւելի, անպաշտօն հաւաքոյթի մը ձեւաչափին մէջ, նախաճաշի սեղանի շուրջ կազմակերպուած հանդիպում մըն էր այս մէկը։
Սամաթիոյ պատուակալ նախագահ Մելքոն Քարաքէօսէ երէկուան հաւաքոյթէն վերջ ըսաւ. «Մեր Պատրիարքական Աթոռը 557 տարուան հաստատութիւն մըն է։ Այս ընթացքին ունեցած է 84 գահակալ։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ Բարեկենդանի խրախճանք մը, որու առթիւ ստեղծուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն։