Լրահոս

2023-Ի ՀԱՐՑԱԿԱՆՆԵՐ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

«Պետութիւն ունենալու յաւակնութիւնով ժողովուրդները զարգացման ուղեցոյց ու օրակարգ կը մշակեն՝ հրաժարելով որդեգիր փնտռելու որբի բարդոյթէն»:
Սուրէն Սուրէնեանց. «Լաչինի միջանցքի վերաբացումէն յետոյ այնտեղ որոշ ներկայութիւն պիտի ունենայ Ատրպէյճան՝ Ռուսաստանի խաղաղապահ առաքելութեան առընթեր»:

ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽԱՂԱՑՈՂ

ԱՔ կուսակցութեան կեդրոնական գործադիր մարմինը երէկ ժողով մը գումարեց՝ գլխաւորութեամբ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի։ Ժողովի ընթացքին արժեւորուեցան երկրի արտաքին ու ներքին քաղաքական իրադարձութիւնները։

ՄԱՀ՝ ՅԱՅՏՆԻ ԲԺԻՇԿ ԿԱՄՕ ՏԷՐ-ՊԵՏՐՈՍԵԱՆԻ

Ներկայ տարեմուտի դրութեամբ տխուր եւ ցաւալի լուր մը հասաւ Երեւանէն. ոչ եւս է յայտնի բժիշկ Կամօ Տէր-Պետրոսեան, որ հարազատ եղբայրն է Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի։

2023 ՏԱՐՈՒԱՆ ՅՈԲԵԼԵԱՐՆԵՐ

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Եթէ կենսագրութիւնը մարդու մը դիմանկարն է, անոր անցած ճամբան՝ իր ելեւէջներով, վերիվայրումներով, որոնք հնարաւորութիւն կու տան ըսելու, թէ մարդը ուրկէ՜ ուր հասած է եւ ինչե՜ր կատարած է իր կեանքի ընթացքին, ապա ուրեմն յոբելենական թուականները անկիւնադարձային հետեւանք ունենալով հանդերձ, կ՚ապահովեն նոյն այդ անհատին գոյութիւնը, յարատեւութիւնը, բարգաւաճումն ու կենսունակութիւնը։

ՎԵՐՋԻՆ ԵՂԵՒԻՆԸ…

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Այս պատմութիւնը իրական է, Մեխակեաններու ընտանիքին մասին է: Բազմանդամ ընտանիք էին Մեխակեանները: Երիտասարդ Սուրէնը ունէր մայր մը, հայր մը, շատ երեխաներ եւ այդ մեծ ընտանիքին անվերջ ծառայող կին մը, որ իմ պզտիկ մօրաքոյրս է:

ՏԱՐԵՎԵՐՋԸ, ԲԱՐԵՄԱՂԹԱՆՔՆԵՐԸ ԵՒ ՍՊԱՍՈՒԱԾ ԱՐԺԱՆԱՊԱՏԻՒ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆԸ

ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Իւրաքանչիւր տարի, ամանորեան եւ Ս. Ծնունդի տօներու այս օրերուն, մարդիկ կ՚ապրին տօնական եռուզեռի մէջ: Այս առիթով շուկաները եւ առեւտուրը կ՚աշխուժանան, մարդիկ հեւքի մէջ կ՚ըլլան՝ պատրաստելու ամանորեան ամենէն համադամ ճաշերը եւ անուշեղէնները, նաեւ կը մտածեն, թէ ինչպէ՛ս պիտի ուրախացնեն իրենց սիրելիները՝ սիրուն նուէրով մը:

Էջեր