ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ ԱՍՈՐԻ ՈՒՂՂԱՓԱՌՆԵՐՈՒ ԵՒ ԱՍՈՐԻ ԿԱԹՈԼԻԿՆԵՐՈՒ ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԸ
Մինչ քրիստոնեայ աշխարհը սկսած է նշել Սուրբ Ծնունդը, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ շնորհաւորական այցելութիւններ տուաւ քաղաքիս քրիստոնեայ յարանուանութիւններու հոգեւոր առաջնորդներուն։