ՀԱՅ ԲԺԻՇԿԸ ՆՈՊԵԼԵԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿ ՆՈՒԱՃԵՑ
Նոպելեան կոմիտէն 2021 թուականի բժշկական մրցանակը շնորհեց երկու գիտնականներու, որոնցմէ մին հայ է։ Այսպէս, Նոպելեան բժշկական մրցանակի դափնեկիր դարձան Արտեմ Փաթափութեան եւ Տէյվիտ Ճիւլիուս, որոնք ուսումնասիրած են, թէ ինչպէս կենդանի օրկանիզմները կը զգան ջերմութիւնը։